Ա­թէն­քի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան առ­ջեւ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 26 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան, բո­ղո­քի հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը, դա­տա­պար­տե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, փոխն ի փոխ բարձ­րա­խօ­սը վերց­նե­լով, յոյն հան­րա­յին կար­ծի­քին առ­ջեւ ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Սիւ­նի­քի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­խուժ­ման փոր­ձե­րը եւ ա­նոր շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին դէմ, խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­յին ու­ժե­րու ներ­խու­ժու­մը, եւ պա­հան­ջե­լով հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը։ Ի­րենց խօս­քե­րուն մէջ, ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ըն­կեր­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Ատր­պէյ­ճա­նի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի դէմ շա­րու­նա­կո­ւող բռնա­րարք­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րու կո­պիտ խախ­տում­նե­րուն, հա­յու­թեան դէմ ան­վերջ սպառ­նա­լիք­նե­րուն։
­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­յին կար­ծի­քը եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը լա­ւա­պէս տե­ղեակ են Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն, այն­պէս ինչ­պէս լրիւ պար­զո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի քա­ռա­սուն­չորս օ­րո­ւայ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին, եւ ան­կէ ետք առ­նո­ւած սադ­րիչ քայ­լե­րով։
­Խօսք ե­ղաւ օ­րեր ա­ռաջ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տէն որ­դեգ­րո­ւած բա­նա­ձե­ւու­մին եւ ան­կէ բխող ազ­դա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, որ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նը ուղ­ղած է Ատր­պէյ­ճա­նին։
­Հա­ւա­քի մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­նե­րը պաս­տառ­ներ եւ փլա­քաթ­ներ պատ­րաս­տած էին, ուր ար­ձա­նագ­րո­ւած էին լո­զունգ­ներ յու­նա­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։
­Ցոյ­ցի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ու­ժա­կան ո­ճով եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան լո­զունգ­նե­րով պա­հան­ջո­ւե­ցաւ հայ գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը, ո­րը ան­յա­պա­ղօ­րէն գոր­ծադ­րե­լու պար­տա­ւոր է Ատր­պէյ­ճա­նը։