Երկուշաբթի, 1 Օգոստոս 2022-ին կը սկսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական միջմասնաճիւղային 18-րդ բանակումը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Այիա Մարինայի բանակավայրէն ներս:
Բանակումի աւարտը տեղի պիտի
ունենայ Շաբաթ, 6 Օգոստոս 2022-ին, աւանդական խարոյկահանդէսով,
երեկոյեան ժամը 5-ին:
Շաբաթ, 6 Օգոստոսին բանակավայրը իր դռները պիտի բանայ ընդունելու համար ծնողները եւ բոլոր փափաքողները, ապահոված ըլլալով նոյն օրուան կամ նախորդ օրուան ժխտական արդիւնքով rapid-test-ի հաստատագիր:
Եղբայրական բարեւներով
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային
Սկաուտական Խորհուրդ