Շաբաթ՝ 18 եւ Կիրակի՝ 19 Փետրուար 2017ին, Նէա Զմիռիի Միլոնայի գոց մարզադաշտին մէջ, տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյպոլի պատանիներու 2017ի մրցաշարքի FINAL 4ի կիսաւարտական մրցումները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Օլիմպիաքոսի, Միլոնայի եւ Էվրիալիի խումբերուն միջեւ։
Կիսաւարտական մրցումներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը պարտուեցաւ Օլիմպիաքոս խումբէն 3-1 սէթով, իսկ փոքր աւարտական մրցումին յաղթեց Էվրիալի խումբին՝ 3-0 սէթով, գրաւելով 3րդ դիրքը ու ապահովելով մրցաշարքի պրոնզէ շքանշանը։
Մրցաշարքի ամէնէն լաւ յարձակողական մարզիկը հանդիսացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբին ղեկավար եղբ. Յակոբ Չէմէնեան։
Խումբի բոլոր մարզիկները մասնակցած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի վոլէյպոլի մարզական ակադեմիային։ Խումբը 3րդ անգամ ըլլալով կը հասնի պատանիներու մրցաշարքի աւարտական մրցումներուն եւ 2րդ անգամ ըլլալով կ’ապահովէ պրոնզէ շքանշանը։
Խումբի մարզիչն է Պապիս Ցիոքաս։ Խումբին մաս կը կազմեն՝ Սփիրոփուլոս, Սահինիտիս, Լոլաքիս, Չէմէնեան, Փերզանոֆսքի, Քիքեան, Ղիտոփուլոս, Եորղոփուլոս, Վավուլաս, Պօղոսեան, Ցիոքաս, Մարտիրոսեան, Քոցեթաս, Մարտիրոսեան։