Պատանեկութիւն. բոլորիս յայտնի է, որքան կարեւոր հանգրուան մըն է մարդու կեանքի ընթացքին:
Այն տարիքը, երբ երախան կը դադրի երախայ ըլլալէ. երբ կը պայքարի յայտնաբերելու համար իր ինքնութիւնը, ձիրքերը, ունակութիւններն ու իւրայատկութիւնները. երբ ինքզինք կը փորձէ եւ կ՚ըմբոստանայ իր կեանքի բոլո՛ր «մեծերուն» եւ «հիներուն» դէմ, որպէսզի ստեղծէ նոր իրականութիւն, նոր կեանք: Ո՜րքան մարտահրաւէրներ կը ցցուին անոր առջեւ, մինչեւ որ ան ինքնավստահութեամբ բանայ իր թեւերը եւ իբրեւ չափահաս, նուաճէ իր երազած գագաթները, ո՛չ միայն անհատական, այլեւ հաւաքական, ընկերային գետնի վրայ:
Մեր Վարժարանը կը հանդիսանայ ա՛յն վայրը, ուր այս բոլորը տեղի կ՚ունենան ամենաապահով կերպով եւ լաւագոյն հոգատարութեամբ: Մեր պատանիները այս յարկին տակ կը շարունակեն մնալ իրենց երկրորդ տան մէջ, ամրապնդելով իրենց հայու ինքնութիւնը եւ միաժամանակ ստանալով ամէն տեսակի պաշար, որպէսզի անոնք դառնան երջանիկ եւ ինքնաճանաչ, առաքինի եւ յանձնառու չափահասներ, համամարդկային եւ ազգային բարձր արժէքներով օժտուած:
Կրթական նախարարութեան կողմէ սահմանուած եւ հայեցի կրթութեան ծրագիրներէն անդին, մենք կ՚իրականացնենք բազմապիսի ստեղծարար ծրագիրներ, նորարար մեթոտներով ու արուեստագիտական այժմէական միջոցներով. բնապահպանական, ընկերային ծառայութեան, մշակութային, պատմական եւ գիտական մեծ ու փոքր ծրագիրներ, որոնք ուսումնական տարուան ընթացքին նոր հորիզոններ կը բանան պատանիներուն դիմաց: Աթէնքի քաղաքապետարանի ծառայութեանց հետ համագործակցելով, մեր պատանիներուն համար հոգեկան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մասնագիտացման կողմնորոշման աշխատանոցներ կը կազմակերպենք: Յունական Ուսողութեան Ընկերութեան հետ համագործակցելով, ամէն տարի մեր դպրոցը քննչական կեդրոն կը դառնայ «Թալիս» եւ «Պիւթագորաս» մրցոյթներուն համար, որոնց մեր աշակերտները յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն: Երեկոյեան մեր դաստիարակչական խմբակները, առիթը կու տան մեր պատանիներուն զբաղելու հայկական աւանդական երգով, պարով, «Ազատ Օր»-ի «Մենք» թերթիկի խմբագրութեամբ, թատրոնով: Կը կազմակերպենք բազմապիսի դաստիարակչական այցելութիւններ, եռօրեայ արշաւներ, ինչպէս նաեւ մեր շրջանաւարտներուն համար եօթնօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Հայաստան, ուր անոնք ա՛լ աւելի լաւ կը գիտակցին իրենց գանձին՝ բոլորիս կտակուած հնադարեայ անգին ժառանգութեան: Ծնողներուն համար յատուկ մասնագիտական դասընթացքներ կը կազմակերպենք: Ամէն առիթով կը ստեղծենք ուրախ եւ հաճելի պահեր, միջոցառումներով, անակնկալներով, հայկական աւանդոյթներու մէջէն խաղալով, հայկական ճաշ պատրաստել սորվելով…
Զարկ կու տանք նաեւ մեր պատանիներու նախաձեռնող ըլլալու հանգամանքին: Մեր աշակերտները կը կազմակերպեն պարահանդէսներ, համերգներ, տօնավաճառ… Իրենց յոյն տարեկիցներուն կը ներկայացնեն մեր ազգը, դառնալով անոր դեսպանները: Հագուստ ու անհրաժեշտ իրեղէններ կը հաւաքեն ու կը նուիրեն ընկերային ծառայութիւններու եւ Կազմակերպութիւններու: Մեր բանջարանոցը կը խնամեն, դպրոցի ցանկապատն ու մարզադաշտը կը զարդարեն…
Սիրելի՛ ծնողներ,
Առիթը տուէք ձեր զաւակներուն օգտուելու մեր բոլորիս տաքուկ բոյնէն՝ Հայկական Միջնակարգ Վարժարանէն, եւ վստահ եղէք, որ տնօրէնութիւնն ու ամբողջ անձնակազմը ձեր կողքին պիտի ըլլան: Այցելեցէք նաեւ մեր կայքէջը, ուր կը տեսնէք մեր գործունէութիւնը՝ http://gym-aks.att.sch.gr/index.php
Կապուեցէք մեզի, որեւէ տեղեկութեան համար, հետեւեալ հեռաձայնի թիւին՝ 2109349537։
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՍԱՓՐԻՉԵԱՆ
Տնօրէնուհի Հ.Կ.Խ. «Ա. եւ Ժ. ՃԷՆԱԶԵԱՆ»
ազգային միջնակարգի