Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը ամառուան հանգիստ օրերէն ետք, առիթը ստեղծեց միութեան ընկերուհիները քով քովի գալու եւ ընկերային հաճելի օր մը անցնելու բնութեան մէջ: Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին փուլման ինքնաշարժով ճամբայ ելանք դէպի Կորնթոսի Զախոլի շրջանը:
Այցելեցինք շրջանին մէջ գտնուող հնադարեայ, յունական 17 գմբէթներով Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, որ կառուցուած է օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին՝ ընդամէնը 39 օրուան մէջ, գիւղացիներուն գերմարդկային ջանքերուն շնորհիւ։ Օսմանեան իշխանութիւնները համաձայնած էին, որ գիւղին մէջ քրիստոնէական եկեղեցի մը կառուցուի, բայց պայման դրած էին, որ շինարարութիւնը աւարտի 40 օրուան ընթացքին. հակառակ պարագային՝ եկեղեցին պիտի քանդուէր։ Մատուռը կառուցուած է յունական յեղափոխութենէն առաջ, որպէս ապաստան շրջանին մէջ պատերազմողներուն համար։ Այդ պատճառով, անոր կողքին նաեւ թաքստոցներ փորուած էին, որպէսզի թէ՛ ազատամարտիկները, թէ՛ տեղացի խաղաղ բնակիչները կարենան փրկուիլ հալածանքներէն։ Վերադարձի ճամբուն վրայ, կանգ առինք Կորնթոսի կեդրոնական, գեղեցիկ հրապարակը, ապա գոհացած՝ հասանք Աթէնք, անմոռանալի պահեր վերջ ապրելով վերամուտի առաջին մեր հանդիպումին:

Անդամական ժողով

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք մեր ընկերուհիներուն, յաջորդ մեր հանդիպումը եղաւ մասնաճիւղի անդամական ժողովի գումարումը:
Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուիբինա» մասնաճիւղի անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբբի, 12 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ:
Վարչութեան ատենապետուհին ընկ. Ալմաստ Մելիքեան, զեկուցեց մասնաճիւղի կատարած գործունէութեան մասին ու ներկայացուց ապագայ ծրագիրը:
Յաջորդաբար, հրաւիրեց ընկերուհի Նորա Քիւրտօղլեանը ներկայացնելու համար օրուան նիւթը:
Երեւանի հիմնադրութեան 2808-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, ընկերուհին նախ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Երեւանի շուրջ, ապա անդրադարձաւ մայրաքաղաքի հիմնադրութեան տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, բազմազան այլ ձեռնարկներու կարգին, կազմակերպուած Yerevan Fashion Week 2026 նորաձեւութեան միջոցառումին։
Ապա, անցնելով օրուան նիւթին, որ ունէր բազմապիսի ճիւղաւորումներ, լայնօրէն ներկայացուց հետեւեալ նիւթը. «Մարդիկ, գեթ առաջին տպաւորութեամբ, իրար կը դատեն արտաքին տեսքէն (մանաւանդ կանանց)։ Հագուածքի ոճը իբրեւ ոչ խօսքային հաղորդակցութեան միջոց եւ կանայք ի՞նչ ուղերձներ կ՚ուզեն դրսեւորել այդ միջոցով։ Գեղեցկութեան չափանիշերը եւ յաւերժ երիտասարդ երեւելու ձգտումը»:
Սահիկներու եւ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ան աւելի եւս լուսաբանեց նիւթը՝ ներկայացումը դարձնելով աւելի հետաքրքրական։ Ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին, բարձր գնահատեցին ներկայացուած նիւթը եւ շնորհաւորեցին ընկերուհին։ Օրուան հանդիպումը փակուեցաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ՝ ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ։

Վարչութեան թղթակից