­Չո­րեք­շաբ­թի, 5 ­Յու­նիս 2024-ին, ­Գո­գի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան հրա­ւի­րած ժո­ղո­վը:
­Ժո­ղո­վի օ­րա­կարգն էր Հ.Կ.­Խա­չի «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի քննար­կու­մը եւ զե­կու­ցում­ներ միու­թեան յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ:
­Ժո­ղո­վի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան: Ըն­կե­րու­հին հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեա­նի յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գել հան­գու­ցեալ ան­դա­մու­հի­նե­րու յի­շա­տա­կը:
Ա­պա, կար­դա­ցո­ւե­ցան Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ու­ղար­կած Շր­ջա­բե­րա­կան­նե­րը, ո­րոնց շուրջ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան: ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րու մտա­հո­գու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան օգ­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն ար­դիւն­քին շուրջ:
­Յա­ջոր­դա­բար, Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը զե­կու­ցեց վեր­ջին ա­միս­նե­րու կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին ու յատ­կա­պէս «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ձեռ­նար­կի ի­րա­գործ­ման եւ ար­դիւն­քի մա­սին, ներ­կա­յաց­նե­լով իր գնա­հա­տա­կա­նը:
­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան եւ մատ­նան­շե­ցին պա­զա­րի դե­րի եւ յա­ջող կէ­տե­րը ու կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մէն ետք, ­Ժո­ղո­վը մատ­նան­շե­լով հան­դերձ թէ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը պա­զա­րին ակն­կա­լո­ւա­ծը չէր, եզ­րա­կա­ցուց թէ այս տա­րի եւս ­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը յա­ջո­ղու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ։
Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց եւ վարձ­քը կա­տար ը­սաւ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն։ ­Նաեւ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ նշեց թէ բո­լոր ա­նոնց շնոր­հա­կա­լա­կան նա­մակ­ներ ուղ­ղար­կո­ւած են ա­ռանձ­նա­բար։
Ա­պա, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Շրջ. ­Վար­չու­թեան եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը:
­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը հրա­ւի­րած էր աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցող բո­լոր կա­մա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն եւ պատ­րաս­տած էր հիւ­րա­սի­րու­թիւն-ճաշ­կե­րոյթ մը:
Ե­րե­կոն ըն­թա­ցաւ ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ եւ կե­նաց­նե­րու ու մաղ­թանք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով: