­Մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ կը ծա­նու­ցա­նենք, թէ ամ­գամ մը եւս «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նը մեծ յա­ջո­ղու­թիւն մը նշա­նա­կեց քան­զի 3-րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի՝ Ա­նա­յիս ­Ճէ­լա­լեան, տի­կին ­Լի­նա ­Մի­նիի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ար­ժա­նա­ցաւ ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան Ա. ­Մի­ջազ­գա­յին ա­շա­կեր­տա­կան մրցոյ­թին «­Ճատ­րա­կա­յին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ տո­ղե­րով եւ գոյ­նե­րով», որ կը կազ­մա­կեր­պէ ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­տո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։
­Միա­ժա­մա­նակ, մրցոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան 3-րդ ­դա­սա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով եւ խմբա­յին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, նիւթ ու­նե­նա­լով ճատ­րա­կը եւ «Ու­նիս վա­հա­նակ­նե­րը, ու­նիս ճատ­րա­կա­րա­նը, գծագ­րէ’ դրախ­տը եւ ներս մտիր» խո­րագ­րով, եւ ար­ժա­նա­ցան գո­վա­սան­քի՝ ի­րենց չա­փա­զանց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։
Սոյն յա­ջո­ղու­թիւ­նը մեր դպրո­ցի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն ջան­քե­րուն ար­դիւնքն է՝ ա­ռա­ջար­կե­լու հա­մա­պա­տաս­խան կրթա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, որ­պէս­զի մեր ա­շա­կերտ­նե­րը բա­ցա­յայ­տեն ազ­նիւ մրցակ­ցու­թեան ար­ժէ­քը, ի­րենց ան­հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ բազ­մա­զան տա­ղանդ­նե­րը՝ ձգե­լով ի­րենց անձ­նա­կան հետ­քը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ձե­ւով: ­Կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­նա­յի­սը, որ հպար­տու­թեամբ ար­տա­սա­նեց իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը Տ­րա­մա­յի սրա­հին մէջ եւ «ΕΡΤ3» կա­յա­նէն, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր 3-րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը եւ մեր բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ջան­քե­րով ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով բո­լո­րս կը հպար­տաց­նեն։

Հ.Կ.Խ.-ի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին
վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազմն ու տնօ­րէ­նու­թիւ­նը