Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի Ե. եւ Զ. դասարաններուն աշակերտները 2024-2025 դպրոցական տարեշրջանի 2-րդ վեցամսեայի ընթացքին մասնակցեցան հետեւեալ մրցոյթներուն.-
— Յունական թուաբանական ընկերութեան (Ελληνική Μαθηματική Εταιρεία) կողմէ «Փոքրիկ Էվկլիտիս» (Ο Μικρός Ευκλείδης) ամսագրի նախաձեռնութեամբ Յունաստանի տարածքին նախակրթարաններու 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպած 19-րդ «Թուաբանութիւն եւ խաղ» մրցոյթին։
— Աթէնքի համալսարանին Բնագիտութեան բաժնին եւ Գիտութեան եւ Դաստիարակութեան Յունական բնակիտական ընկերութեան (Ελληνική Εταιρεία Φυσικής για την Επιστήμη και την Εκπαίδευση) նախաձեռնութեամբ Յունաստանի տարածքին նախակրթարաններու 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպած «Արիսթոթելիս» (Αριστοτέλης) 2025 մրցոյթին։
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտարարենք արդիւնքները։
Յունական թուաբանական ընկերութեան մրցոյթ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն տասը (10) աշակերտ գերազանց արդիւնք ձեռք բերին: Մեր դպրոցի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն աշակերտները, 4 Ապրիլ, 2025-ին, մասնակցեցան սոյն մրցոյթին եւ պատուաբեր արդիւնքներ բերին, որոնցմէ տասն գերազանց (Βραβείο Αριστείας)։
Գերազանց արդիւնք բերող աշակերտներն են (այբենական կարգով)՝
Ե. դասարան՝ Աւագեան Մայք, Ղազարեան Դաւիթ, Մարինոս Եորղոս, Մինասեան Սեւակ:
Զ. դասարան՝ Առաքելեան Վիքթորիա, Ղազարեան Նելի, Ճինեճեան Գէորգ, Մանուկեան Մելինա, Մկիրտիչեան Յակոբ, Սերոբեան Սեսիլ։
***
Աթէնքի համալսարանին Բնագիտութեան բաժնին եւ Գիտութեան եւ Դաստիարակութեան Յունական բնագիտական ընկերութեան մրցոյթ. Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն տասը (10) աշակերտ գերազանց արդիւնք ձեռք բերին:
Մեր դպրոցի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն աշակերտները, 13 Մարտ, 2025-ին, մասնակցեցան սոյն մրցոյթին եւ պատուաբեր արդիւնքներ բերին, որոնցմէ տասն գերազանց (Βραβείο Αριστείας)։
Գերազանց արդիւնք բերող աշակերտներն են (այբենական կարգով)՝
Ե. դասարան՝ Աւագեան Մայք, Ղազարեան Դաւիթ, Մարինոս Եորղոս, Մինասեան Սեւակ, Չթէյեան Յարութիւն։
Զ. դասարան՝ Առաքելեան Վիքթորիա, Գաբրալոս Ակելոս, Ղազարեան Նելի, Մկիրտիչեան Յակոբ, Սերոբեան Սեսիլ։
Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր աշակերտներուն ու կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։
Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգային
վարժարանի Ուուցչական Կազմ եւ Տնօրէնութիւն