18 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւն այ­ցե­լե­ցին Ա­թէն­քի Հ.Կ.­Խա­չի «Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը՝ ու­սուց­չա­կան անձ­նա­կազ­մի եւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան ու­ղե­կե­ցու­թեամբ։ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան ող­ջոյ­նի խօս­քեր յղեց վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն` մաղ­թե­լով ուս­ման մէջ բազ­մա­թիւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, իսկ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ նո­րա­նոր ձեռք­բե­րում­ներ բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու ըն­թաց­քին։ ­Դես­պա­նը ող­ջու­նեց կրթօ­ջա­խի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի ա­շա­կերտ­նե­րու այ­ցեր ­Հա­յաս­տան կազ­մա­կեր­պե­լու առն­չու­թեամբ եւ ընդգ­ծեց միաս­նա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը պե­տու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ: ­Պա­տա­նի­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պա­րեր, եր­գեր, աս­մունք­ներ։
«Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ դպրո­ցը դես­պա­նու­թեան նո­ւի­րեց ձի­թե­նիի ծառ մը, ո­րը կը խորհր­դան­շէ խա­ղա­ղու­թիւն՝ դպրո­ցա­կան­նե­րու իւ­րա­յա­տուկ մաղ­թանք­նե­րով, ո­րը պի­տի տնկո­ւի դես­պա­նու­թեան բա­կին մէջ։