­­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ո­րո­շու­մին հա­մա­ձայն, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 11 ­­Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, երկ­րի ամ­բողջ տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, մեկ­նար­կը տա­լով նոր ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին։
­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ եւս կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն։
­­Ֆիք­սի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի եւ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9-ին:
­Նա­խա­գա­հեց ­­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ ծ.վրդ. Ե­մի­շեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեա­նը։
­­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին: Ջ­րօրհ­նէ­քին նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ ծ.վրդ. Ե­մի­շեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­­Խա­չե­րեա­նը։ ­Վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման ա­ռի­թով, ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Մա­րա­կա­քիս իր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը ար­տա­յայ­տեց նա­մա­կով մը՝ ուղ­ղուած վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն:
Ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան մեկ­նար­կին ա­ռի­թով Կր­թու­թեան նա­խա­րար պրն. ­Բիէ­րա­քա­քիս նա­մակ մը ուղ­ղեց բո­լոր ծնող­նե­րուն, ուր կը նշէր նա­խա­րա­րու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու կրթա­կան գոր­ծըն­թա­ցի բա­րե­լաւ­ման հա­մար։
­­Եր­կու վար­ժա­րան­նե­րուն ջրօրհ­նէ­քին ներ­կայ ե­ղան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան խոր­հուրդ­նե­րու, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան վար­չու­թեանց, վար­ժա­րան­նե­րու Ծ­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ մեծ թի­ւով ծնող­ներ:
Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը իր օրհ­նու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց բո­լո­րին, բա­րի վե­րա­մուտ եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն։ Ան շեշ­տեց սփիւռ­քի մէջ կրթա­կան օ­ճախ­նե­րու գո­յու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ գնա­հա­տեց ծնող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դեն հայ­կա­կան վար­ժա­րան:
Եր­կու շրջան­նե­րուն մէջ ալ, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը խօսք ա­ռին ու ի­րենց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն ու ծնող­նե­րուն:
­Վե­րա­մու­տին ա­ռի­թով, «Ա­զատ Օր» իր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը կը յայտ­նէ Հ. Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան, տնօ­րէ­նու­թեանց, ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն եւ մեր հա­յոր­դի­նե­րու ծնող­նե­րուն, ա­նոնց մաղ­թե­լով բա­րի ու­սում­նա­կան երթ, ինչ­պէս նաեւ հա­յե­ցի կրթու­թեան, հայ­կա­կան ու ընդ­հա­նուր գի­տե­լիք­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան ար­գա­սա­բեր տա­րի մը։