Հրապարակային երեկոյ նուիրուած՝
Արցախի ազատագրական պայքարի 30ամեակին եւ Արցախի անկախութեան հռչակագրի 27ամեակին
Մասնակցութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին
կողմէ ամէն տարի Յունաստան հիւրընկալուող՝
Արցախէն ժամանած տաղանդաւոր պատանիներուն:
Տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի` 3 Սեպտեմբեր
2018ի երեկոյեան ժամը 8ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան»
Կեդրոնի դալար տանիքը:
Կը բանախօսէ ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան
Յայտագիրը պիտի ճոխանայ պատանիներուն կողմէ ներկայացուած երգերով, երաժշտութեամբ ու ասմունքներով:
Կը հրաւիրուին գաղութիս ազգային, կրօնական եւ միութենական կառոյցները, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր հայրենակիցները, վայլելու համար հերոսական Արցախի տաղանդաշատ պատանիները:
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ