ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ

Այն ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ տա­րի Ապ­րիլ ամ­սուն իր մէջ շատ կա­րե­ւոր ու պատ­մա­կան խոր­հուրդ մը ու­նի: Ա­նի­կա կարճ պա­տե­րազմ մը չէր միայն: Ա­նի­կա ե­ղե­լու­թիւն մըն էր, որ խո­րունկ քննարկ­ման պա­րա­գա­յին կը բա­նայ շատ կա­րե­ւոր գաղտ­նիք մը:
Ար­դա­րա­ցիօ­րէն կ’ը­սենք՝ «Ապ­րին մեր տղա­քը: Ա­նոնք կե­ցու­ցին ա­ւե­լի մի­ջոց­ներ ու­նե­ցող թշնա­մու ա­նակն­կալ յար­ձա­կու­մը»:
­Բո­լորս ալ կը հասկ­նանք, որ Ատր­պէյ­ճան նման գոր­ծո­ղու­թիւն մը ինքն ի­րեն չէր կրնար յանդգ­նիլ սկսե­լու: Ա­ռանց մե­ծե­րուն հետ հա­մա­ձայ­նաց­նե­լու՝ նման գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի չեն ու­նե­նար: ­Պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ հայ եւ օ­տար ռազ­մա­կան մաս­նա­գէտ­ներ կ’ը­սէին, թէ ե­ղա­ծը լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազմ մը չէր, այլ սահ­մա­նա­փակ: Ն­պա­տա­կը յստակ էր: Այդ սահ­մա­նա­փա­կո­ւա­ծու­թեան մէջ Ատր­պէյ­ճա­նը կ’ու­զէր կա­րե­լիին չափ հո­ղեր գրա­ւել:
­Մե­ծե­րուն կող­մէն այս թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը նո­ւէր տրո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նին, որ­պէս­զի վեր­ջինս ­Հա­յաս­տա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ինք­զինք ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր զգար ու ա­ւե­լի զի­ջում­ներ ստա­նար:
­Ծա­գու­մով հայ՝ ­Լի­բա­նա­նի փա­ղան­գա­ւոր կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րէն ­Քա­րիմ ­Բագ­րա­տու­նի հե­տաքրք­րա­կան դրո­ւագ մը կը պատ­մէ: 1970ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան կը փոր­ձէ յա­րա­բե­րու­թիւն մը ստեղ­ծել Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թի հետ, կան­խե­լու հա­մար կա­ցու­թեան սրու­մը քրիս­տո­նեա­նե­րուն եւ պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն մի­ջեւ: Ա­րա­ֆաթ կ’այ­ցե­լէ քրիս­տո­նէա­կան շրջան­նե­րը: ­Տես­նե­լով պա­տե­րուն դրո­ւած հա­կա­սու­րիա­կան ծայ­րա­յեղ ու ա­նի­րա­գոր­ծե­լի լո­զունգ­նե­րը՝ խոր­հուրդ կու տայ ­Բագ­րա­տու­նիին, որ քրիս­տո­նեա­նե­րը պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն նոյն սխա­լը չկրկնեն նման լո­զուն­գա­յին հիս­տե­րիա­յով զբա­ղո­ւե­լով, ո­րով­հե­տեւ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը չա­րա­շա­հե­լով նման լո­զունգ­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծու­մը՝ կ’իյ­նան ծու­ղա­կի մէջ: Այ­սինքն. երբ ժա­մա­նա­կը գայ քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու, դժո­ւար կ’ըլ­լայ ի­րենց ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն դի­մաց տա­րի­նե­րով կրկնո­ւած այդ լո­զունգ­նե­րէն հրա­ժա­րիլ:
Ա­հա այս նոյն ե­րե­ւոյթն էր, որ տե­ղի կ­՛ու­նե­նար Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ: ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այն­քա՜ն սպառ­նա­ցեր էր, այն­քա՜ն պո­ռո­տա­խօ­սու­թեամբ զբա­ղո­ւած էր, որ ան ինքն ի­րեն թա­կարդ մը լա­րած էր. մէկ կող­մէ չէր կրնար այ­լեւս բան մը չնել, միւս կող­մէ ալ գի­տեր, թէ ու­ժը չու­նի ամ­բողջ Ար­ցա­խը առ­նե­լու: Ա­հա կարճ ու ա­րագ պլիցք­րի­քով մը ու­զեց կա­րե­լիին չափ հո­ղեր առ­նել ե՛ւ Ար­ցա­խի յա­րա­կից շրջան­նե­րէն, ե՛ւ ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լար նոյն ինքն Ար­ցա­խէն եւ այդ ներ­կա­յաց­նել որ­պէս մեծ ու պատ­մա­կան յաղ­թա­նակ, մա­նա­ւանդ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի զօ­րաց­նե­լու հա­մար:
­Բայց ի՞նչ տե­ղի ու­նե­ցաւ:
Թշ­նա­մու մաս­նա­գի­տա­ցո­ւած եւ լաւ զի­նո­ւած ջո­կատ­նե­րուն դի­մաց կե­ցած էին 18-20 տա­րե­կան զի­նո­ւո­րա­կան պար­տա­դիր ծա­ռա­յու­թեան մեր տղա­քը: ­Կը կար­ծո­ւէր, որ ու­ժե­րը հա­ւա­սար չեն ու Ատր­պէյ­ճա­նը ա­րագ ու նշա­նա­կա­լից յաղ­թու­թիւն մը պի­տի ու­նե­նար: ­Հոս կ’ար­ժէ կրկնել այն հար­ցու­մը, որ այդ օ­րե­րուն տրո­ւե­ցաւ շա­տե­րուն կող­մէ. թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի էր ա­ռա­ջին գի­ծին վրայ հիմ­նա­կա­նօ­րէն տե­ղա­կա­յել ան­փորձ այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն:
­Բայց վե­րա­դառ­նանք մեր նիւ­թին և ­տես­նենք, թէ ո­րո՞նք են այդ տղա­քը:
Ա­նոնց մեծ մա­սը կու գայ չքա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րէ, ո­րով­հե­տեւ հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը ծա­նօ­թու­թեամբ եւ կա­շառք տա­լով բա­նա­կին մէջ չեն ծա­ռա­յեր եւ կամ ե­թէ ծա­ռա­յեն եր­բեք ա­ռա­ջին գի­ծին վրայ: Այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կու գան մի­ջա­վայ­րե­րէ, ուր ի­րենց ման­կու­թե­նէն սկսեալ յու­սա­խա­բա­կան խօս­քեր լսած են ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին: Ես յա­տուկ նշե­ցի ­Հա­յաս­տան եւ ոչ թէ պե­տու­թիւն կամ վար­չա­կարգ: Ով որ լաւ ծա­նօթ է ­Հա­յա­տա­նին, գի­տէ թէ ինչ­պէ՛ս կ’ար­տա­յայ­տո­ւին հա­յաս­տան­ցի­նե­րը այ­սօ­րո­ւան ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին: ­Յու­սա­խա­բու­թիւ­նը այն­քա՜ն խո­րունկ է, որ ժխտա­կան կար­ծի­քին բնո­րոշ­ման մէջ, տար­բե­րու­թիւն չի դրո­ւիր հայ­րե­նի­քին ու պե­տու­թեան մի­ջեւ, բան մը՝ որ մտա­հո­գիչ ե­րե­ւոյթ է:
Այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեծ­ցած են տե­ւա­կան ի­րենց շրջա­պա­տէն լսե­լով յայտ­նի «Եր­կի­րը եր­կիր չի» խօս­քը:
Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ տրա­մա­բա­նա­կան պի­տի ըլ­լար, որ նման­նե­րը չու­զէին ի­րենց կեան­քը վտան­գել, ի­րենց այդ­քա՜ն յու­սա­խա­բու­թիւն պատ­ճա­ռած երկ­րին հա­մար: Ու­րիշ ազ­գե­րու պա­րա­գա­յին նման ե­րե­ւոյթ­ներ տե­սած ենք: Օ­րի­նակ՝ ռու­սե­րը. երբ հա­մայ­նա­վա­րու­թե­նէն յու­սա­խաբ ե­ղած՝ Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի սկզբնա­կան շրջա­նին մեծ թի­ւե­րով կողմ փո­խած են ու միա­ցած գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն: Ա­րաբ­նե­րը, երբ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ու մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն այն­քա՜ն ի­րար կը հա­կա­ռա­կին ու զի­րար կը դա­ւա­ճա­նեն եւ հա­կա-ա­րա­բա­կան ծրա­գիր­ներ կ’ի­րա­կա­նաց­նեն… եւ այլն:
­Բայց ո՛չ հոս եւ մեր պա­րա­գա­յին:
Այս աղ­քատ, ա­նի­րա­ւո­ւած ու ան­փորձ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­րա­գա­յին: Ա­հա հո՛ս է ՀՐԱՇՔԸ:
Ա­նոնք փա­խուս­տի չդի­մե­ցին, խու­ճա­պի չմատ­նո­ւե­ցան, ու կրցան մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր նա­հա­տակ­ներ տա­լով կե­նալ մին­չեւ բա­նա­կի գլխա­ւոր ու­ժե­րու հաս­նի­լը, ո­րոնք ի­րենց կար­գին այն­պի­սի հա­կա­հա­րո­ւած մը տո­ւին, որ քա­նի մը օ­րէն թշնա­մին ի՛ն­քը զի­նա­դա­դար խնդրեց՝ վախ­նա­լով նոր տա­րածք­ներ կորսնց­նե­լէ:
Պ­լիցք­րի­քը չի­րա­կա­նա­ցաւ, ա­նակն­կալ յար­ձա­կու­մին թա­փը կտրո­ւե­ցաւ, մե­ծե­րուն հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած ծրա­գի­րը խա­փա­նո­ւե­ցաւ ու պա­տե­րազ­մը վեր­ջա­ցաւ թշնա­միին կող­մէ շատ փոքր տա­րածք մը առ­նե­լով, որ շատ հե­ռու էր ա­նոր բուն նպա­տա­կէն:
Այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ծնած ու մեծ­ցած են Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նին մէջ, ա­նոնք ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆ ԵՆ:
Ն­ման­նե­րուն հո­գին է, որ ա­մէ­նէն վճռա­կան վայր­կեան­նե­րուն փրկած է մեզ: Այդ նոյն ­Վար­դա­նանց ո­գին է, այդ նոյն ­Մու­սա ­Լե­րան ու ­Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ո­գին է, այդ նոյն ­Սար­տա­րա­պա­տի ո­գին է եւ վեր­ջա­պէս այդ նոյն Ար­ցա­խեան 1990ա­կան­նե­րու մեծ պա­տե­րազ­մին ո­գին է ու այդ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՈԳԻՆ Է մեր գո­յա­տեւ­ման գաղտ­նի­քը: Այս մէ­կը ազ­գա­յին սնա­պար­ծու­թիւն չէ, այլ պատ­մա­կան փաստ:
­Մեր մշա­կոյ­թի հետ միա­սին այդ հե­րո­սա­կան ո­գին է պատ­ճա­ռը, որ այ­սօր կայս­րու­թիւն­ներ ու ժո­ղո­վուրդ­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կին մեր վրայ իշ­խած են, այ­լեւս չկան, իսկ մենք դեռ գո­յու­թիւն ու­նինք:
­Մենք մեծ ցա­ւով կը խօ­սինք պատ­մա­կան մեր տա­րած­քին նօս­րա­նա­լու մա­սին, պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի եւ այ­սօ­րո­ւան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րու չա­փե­րուն տար­բե­րու­թեան մա­սին:
­Ռու­սիոյ այ­սօ­րո­ւան ա­մե­նա­յայտ­նի թղթա­կից Վ­լա­տի­միր ­Փոզ­նէ­րը զար­մանք կը յայտ­նէ, թէ ինչ­պէ՞ս կրցած ենք գո­յա­տե­ւել՝ հա­կա­ռակ աշ­խար­հագ­րա­կան ա­մէ­նէն ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն, երբ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մեծ ու­ժե­րու շա­հե­րուն եւ ճամ­բա­նե­րու խա­չա­ձե­ւում­նե­րուն մէջ­տե­ղը յայտ­նո­ւած ենք:
­Կը կար­ծեմ, որ ճշմար­տու­թիւ­նը մէջ­տեղն է:
­Մէկ կող­մէ ճիշդ է, որ աշ­խար­հագ­րա­կան դիրքն է մեր դժո­ւար ու ծանր պատ­մու­թեան պատ­ճա­ռը, բայց միւս կող­մէ մեր ներ­քին հար­ցե­րը նաեւ ի­րենց կա­րե­ւոր դե­րը ու­նե­ցած են մեր ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ: Այ­լա­պէս Նժ­դե­հը ին­չո՞ւ պի­տի ը­սեր.- «­Հա­յե­րի մեղ­քե­րը ա­ւե­լի են նպաս­տել ­Հա­յաս­տա­նի կոր­ծան­մա­նը, քան ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ մեր եր­կիր ներ­խու­ժած թշնա­մի­նե­րը»: Այն­պէս որ ­Չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մը լու­սա­ւոր գա­գաթ մըն է մե­զի հա­մար, իր էու­թեամբ նոր ­Վար­դա­նանց մը, նոր ­Սար­դա­րապտ մը ու Ար­ցա­խեան մեր հե­րո­սու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, ո­րուն բախ­տա­ւոր ա­կա­նա­տես­նե­րը ե­ղանք:
­Կը խո­նար­հինք այդ տղոց առ­ջեւ ու կ’ա­ղօ­թենք մեր նա­հա­տակ­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար: ­Թող նման հո­գի ու­նե­ցող­նե­րը շատ­նան մեր ազ­գին մէջ, թող ա­նոնց օ­րի­նա­կը ներշն­չէ բո­լո­րին ու մա­նա­ւանդ ի­րենց տա­րե­կից­նե­րուն ու ե­կող սե­րունդ­նե­րուն, ու վեր­ջա­պէս նման ընտ­րեալ­նե­րուն գո­յու­թիւ­նը թող նշան մը ըլ­լայ այ­սօր մեր ներ­քին թշնա­միին՝ ­Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին ա­րիւ­նը ծծող­նե­րուն ու մեր ար­տա­քին թշնա­մի­նե­րուն: