ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Տ. ՀՐԱՅՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ

Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին այսու կը ծանուցանենք, թէ Կիրակի 20 Օգոստոս 2023-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի աւարտին, հովանաւորութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, պիտի կատարուի հոգեհանգիստ, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ եւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանի վախճանման քառասունքին առիթով։

Պիտի յաջորդէ հոգեսուրճ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Կրօնական Ժողով

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Երիցուհի Ռիթա Նիկոլեան, տէր եւ տիկին Թոնի եւ Նանօր Թութունճեան եւ զաւակները, տէր եւ տիկին Նարեկ եւ Շէրըլ Նիկոլեան եւ զաւակը, եւ համայն Նիկոլեան, Թաթուլեան, Գարագաշեան, Թէքլիքեան եւ Զարուկեան ընտանիքները կը ծանուցանեն, թէ Կիրակի, 20 Օգոստոս 2023-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագի աւարտին, պիտի կատարուի հոգեհանգիստ իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ փեսային

Տ. ՀՐԱՅՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ

վախճանման քառասունքին առիթով։ Պիտի յաջորդէ հոգեսուրճ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։