­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ­Կի­րա­կի, 28 ­Յու­լիս 2024-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն տե­ղի ու­նե­ցաւ 1983-ին ­Լիզ­պո­նի մէջ նա­հա­տա­կո­ւած հինգ քա­ջա­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յի­շա­տա­կին։
Անձ­նա­զոհ ե­րի­տա­սարդ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լու հա­մար, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ներ­կայ ե­ղան մեծ թի­ւով Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­ներ, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի, շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րու, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ մեծ թիւով  հայրենակիցներ, ո­րոնք ե­կած էին յար­գե­լու ա­նոնց ան­մար յի­շա­տա­կը։
­Պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ հոգշ. Տ. Եզ­րաս վրդ. ­Թէ­նէ­քէ­ճեան:
­Հո­գե­հանգս­տեան պա­հուն, ե­կե­ղեց­ւոյ դա­սին մէջ զե­տե­ղո­ւած էին 5 տղոց նկար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ե­ռա­գոյն եւ Հ.Յ.Դ. դրօ­շակ­նե­րը։
­Հո­գե­հան­գիս­տի ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տէն ետք, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Սեր­ճիօ ­Ման­կո­յեան, խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն, ո­րը կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ:

***

1983 թ. ­­­Յու­լիս 27 — 2024 թ. ­­­Յու­լիս 27

Այս տա­րի կը լրա­նան 41 տա­րի­ներ հինգ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հե­րո­սա­կան զո­հա­բե­րու­թե­նէն՝ Ա­րա Քրճ­լեան, ­­­Սեդ­րակ Ա­ճե­մեան, ­­­Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեան, ­­­Վա­չէ ­­­Տաղ­լեան եւ ­­­Սի­մոն Եահ­նիեան:
Այ­սօ­րո­ւայ հո­գե­հան­գիստ/հա­ւա­քը տխրու­թեան եւ սու­գի հո­գե­հան­գիստ մը չէ, այլ՝ պա­տո­ւի եւ հպար­տու­թեան յի­շա­տա­կում է: ­­­Մենք ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով կը պա­տո­ւենք ­­­Լիզ­պո­նի հինգ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու զո­հա­բե­րու­թիւ­նը եւ հե­րո­սա­կան բո­ղո­քի քայ­լը, ո­րով կա­րո­ղա­ցան լոյս բե­րել ­­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին վրայ։
Ա­րա Քրճ­լեան, ­­­Սեդ­րակ Ա­ճե­մեան, ­­­Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեան, ­­­Վա­չէ ­­­Տաղ­լեան եւ ­­­Սի­մոն Եահ­նիեան, հինգ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ի­րենց ե­րա­զանք­նե­րով ու յոյ­սե­րով, ո­րոնք ընտ­րե­ցին դի­մադ­րու­թեան եւ զո­հա­բե­րու­թեան դժո­ւար ճա­նա­պար­հը: 1983 թ. ­­­Յու­լիս 27-ին, յար­ձա­կում գոր­ծե­ցին ­­­Լիզ­պո­նի թրքա­կան դես­պա­նա­տան վրայ ու անձ­նաս­պա­նու­թեան դի­մե­ցին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ­­­Հայ­կա­կան ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը յի­շեց­նել աշ­խար­հին: Ի­րենց գոր­ծը ա­ռաս­պե­լա­կան էր, զո­հա­բե­րու­թեան եւ պայ­քա­րի ճամ­բով:  ­­Քաջ ա­րարք մը, որ նոր «զէն­քեր» տո­ւաւ հա­յու­թեան ու աշ­խար­հին պար­տադ­րեց ար­դա­րու­թեան հա­մար մղո­ւած հա­յու­թեան պայ­քա­րի ճա­նա­չու­մը։ ­­­Նոյն պա­հուն յոյս եւ հա­ւատք ներշն­չեց հա­յու­թեան, յի­շեց­նե­լով բո­լո­րին  գի­տա­կից պայ­քա­րի եւ ազ­գա­յին բարձր նպա­տակ­նե­րու հան­դէպ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան ու­ժը: Ա­նոնք ե­րա­զե­ցին ա­զատ, ան­կախ ու միա­ցեալ ­­­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նա­ցու­մը, որ լո­զուն­գէ մը շատ ա­ւե­լին դար­ձաւ ի­րենց հա­մար։
­­­Գի­տենք, որ ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խո­ւած են, սա­կայն պայ­քա­րը կը մնայ նոյ­նը, դեռ ա­ւե­լի դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ, թուրք եւ ա­զե­րի շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ տա­րա­ծո­ւած կեղ­ծիք­նե­րուն ու ճնշում­նե­րուն պատ­ճա­ռով։
Այ­սօր սա­կայն հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը լսէ ­­­Լիզ­պո­նի հինգ տղոց  պատ­գա­մը։ Մ­նալ քաջ, մնալ գի­տա­կից, մնալ պա­հան­ջա­տէր եւ սկզբուն­քա­յին։
­­­Մենք պի­տի չմոռ­նանք հինգ հե­րոս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն զո­հա­բե­րու­թիւ­նը։ Հ․Յ․Դ․ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­միու­թիւ­նը եր­բեք պի­տի չի մոռ­նայ ի­րենց կա­տա­րած քա­ջա­րի ա­րար­քը ու պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ Ա­րա­յի, ­­­Սեդ­րա­կի, ­­­Սար­գի­սի, ­­­Վա­չէի եւ ­­­Սի­մո­նի ե­րա­զած ի­րա­կա­նու­թեան հա­մար։
­­­Յի­շենք, որ ար­դա­րու­թիւ­նը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը տրո­ւած չեն, այլ կը կեր­տո­ւին շա­րու­նա­կա­կան պայ­քա­րով եւ զո­հա­բե­րու­թեամբ։
­­­Յար­գան­քի այս օ­րը մենք շա­րու­նա­կենք եր­գել ի­րենց եր­գած եր­գը, այդ եր­գը, որ նա­հանջ չի ճանչ­նար, այդ եր­գը, որ պարզ մար­դը կը դարձ­նէ հե­րոս։ Ու դառ­նանք պա­հան­ջա­տէր՝ կեր­տե­լու հա­մար աշ­խարհ մը, ուր իւ­րա­քան­չիւր մարդ­կա­յին կեանք ար­ժէք պի­տի ու­նե­նայ, եւ ճշմար­տու­թեան ո­րե­ւէ ոտ­նա­հա­րում՝ պայ­քա­րի պատ­ճառ պի­տի դառ­նայ: ­­­Թող չմնանք ան­տար­բեր մեր ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ գոր­ծո­ւած ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ:
Ե­կէ՛ք պայ­քա­րինք:
Եւ շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ, մին­չեւ այդ օ­րը երբ աշ­խար­հը պի­տի դառ­նայ այն­պի­սին, ինչ­պէս ի­րենք՝ ­­­Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­նե­րը ե­րա­զե­ցին ու պայ­քա­րե­ցան ա­նոր հա­մար։ Ո­րով­հե­տեւ ­­­Հայ դա­տի պայ­քա­րը՝ մեր ազ­գին հա­մար ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար մղո­ւած պայ­քար է։
Շ­նոր­հա­կալ եմ: