Մեծարժէք ու իւրայատուկ կամուրջ մը
հայ եւ յոյն քաղաքակրթութիւններու միջեւ
Աննախընթաց հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ Յունաստանի պատմամշակութային կեանքին մէջ Հայաստանի հնամեայ գանձերուն ցուցադրութիւնը՝ Աթէնքի հանրայայտ Աքրոփոլիսի թանգարանին մէջ։ Իր բնոյթով եւ տարողութեամբ բացառիկ այս ցուցահանդէսը, Յունաստանի հողին վրայ մէկտեղած է մօտ 200 թանկարժէք ցուցանմուշներ, որոնք այսօր Հայաստանի հնագիտական ժառանգութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն։ Անոնք կը վկայեն հայ ժողովուրդի հազարամեակներու ստեղծագործական բարձր արժէքներուն եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ դարաւոր ներկայութեան մասին։ Ցուցափեղկերուն մէջ խնամքով զետեղուած իւրաքանչիւր նմուշ հայ ժողովուրդի պատմութեան խօսուն վկան է, ներկայացնելով անոր քաղաքակրթական վերելքը, պատմական ուղին եւ հազարամեակներու ընթացքին արտայայտուած ստեղծագործական ոգին։
***
Ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութեան շնորհիւ, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ հիմնական դեր ունեցան նաեւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երկարամեայ ու հետեւողական ջանքերը։
19 Նոյեմբեր 2026-ի պաշտօնական բացումէն ի վեր, ցուցահանդէսը արդէն հարիւրաւոր այցելուներ ընդունած է։ Թանգարանի պատասխանատուներուն համաձայն՝ մինչեւ Փետրուարի վերջը այցելուներու թիւը պիտի հասնի նշանակալի մակարդակի։ Արդէն իսկ, թանգարանին կողմէ կազմակերպուող բացատրական շրջապտոյտներուն մասնակցելու համար յունական հասարակութենէն ստացուած դիմումները մեծ հետաքրքրութիւն կը վկայեն։
Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբերի երեկոյեան, պաշտօնական հրաւիրեալներու եւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը։ Յատուկ հրաւէրով՝ «Ազատ Օր» եւս ներկայ գտնուեցաւ առաւօտեան մամլոյ ասուլիսին եւ երեկոյեան հանդիսութեան՝ արձանագրելով յոյն եւ օտար հիւրերու հիացմունքը հայ ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Յունաստանի մշակոյթի նախարար Լինա Մենտոնի, Հայաստանի կրթութեան եւ մշակոյթի փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Դաւիթ Պօղոսեան եւ Աքրոփոլիսի թանգարանի ընդհանուր տնօրէն, փրոֆ. Նիքոլաոս Ստամպոլիտիս։
Յունահայ գաղութը ներկայացուած էր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր, հոգեւոր դասուն, Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելիին, Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ Կեդր. Կոմիտէին, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն կողմէ։
Ուշագրաւ էր նաեւ օտար դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, պետական կառոյցներու, ակադեմական, գիտական եւ մշակութային շրջանակներու բազմաթիւ անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը։
Յունաստանի մշակոյթի նախարարը, ողջունելով Հայաստանի պատմամշակութային ժառանգութեան նուիրուած՝ նման տարողութեամբ ցուցահանդէսի կազմակերպումը, անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ միջպետական յարաբերութիւններուն եւ իր հայ պաշտօնակիցին հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս նախաձեռնութիւնը։ Ան պատմական ակնարկ մը կատարեց նաեւ յոյն դասական գրականութեան նշանաւոր հեղինակներուն կողմէ Հայաստանի մասին կատարուած յիշատակումներուն՝ ընդգծելով գիտական ամուր հիմերու վրայ կառուցուած նման ցուցահանդէսներու կարեւորութիւնը՝ պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու լուսաբանման եւ ժողովուրդներու անցեալի աւելի խոր ճանաչողութեան տեսակէտէն։
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնատարն ալ կարեւորեց վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային գործակցութեան ընդլայնումը, ընդգծելով ցուցահանդէսի նշանակութիւնը՝ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման ու յարաբերութիւններու առաւել սերտացման առումով։
Հ.Հ. դեսպանը նշեց, որ Յունաստանի մէջ եւ մասնաւորաբար Աքրոփոլիսի թանգարանէն ներս նախաքրիստոնէական Հայաստանին նուիրուած այսպիսի ցուցահանդէս մը առաջին անգամ կը կազմակերպուի։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ շուրջ 200 ցուցանմուշներու ներկայացումը ինքնին բացառիկ իրողութիւն մըն է, որովհետեւ մինչեւ օրս Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հաւաքածուներէն այսքան մեծ թիւով նմուշներ միաժամանակ դուրս չէին բերուած՝ արտասահմանի մէջ ցուցադրուելու նպատակով։
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէնը յայտնեց, որ թանգարանի հաւաքածուներէն ընտրուած նմուշներու ցուցադրութիւնը, Յունաստանի եւ Կիպրոսի թանգարաններէն ընտրուած շուրջ 28 առարկաներու կողքին, նոր լոյս կը սփռէ երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած մշակութային փոխանակումներուն եւ փոխազդեցութիւններուն վրայ։
Ելոյթներու վերջին խօսքը պատկանեցաւ Աքրոփոլիսի թանգարանի տնօրէնին, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած նմուշները՝ լուսաբանելով իւրաքանչիւր առարկայի պատմական եւ հնագիտական արժէքը։ Յոյն փրոֆեսորը, իր բացատրութիւններուն ընդմէջէն, արժեւորեց երկու քաղաքակրթութիւններուն միջեւ գոյացած պատմական կամուրջը՝ միաժամանակ անդրադառնալով թէ՛ Հելլենիստական դարաշրջանի ազդեցութեան Հայաստանի վրայ, եւ թէ՛ Ուրարտական թագաւորութեան մշակութային ազդեցութեան Էգէական ծովու տարածքին, ներառեալ՝ Կրետէի եւ Կիպրոսի մէջ։
Բացման հանդիսութեան աւարտին հիւրերը առաջնորդուեցան ցուցասրահ, ուր առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ հիանալու հայ ժողովուրդի ստեղծագործական ժառանգութեան բացառիկ ցուցանմուշներով։ Ներկայ բոլոր հիւրերը իրենց խոր հիացմունքը արտայայտեցին ցուցահանդէսի տարողութեան եւ ներկայացուած գանձերուն նկատմամբ՝ բարձր գնահատելով անոնց պատմամշակութային նշանակութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան ժառանգութեան ծիրէն ներս։
Մամլոյ ասուլիս յոյն եւ օտար
լրատուական միջոցներուն
«Հնամեայ Հայաստան» ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբերի առաւօտուն, Աքրոփոլիսի թանգարանի ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս՝ յունական եւ օտար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Յատուկ հրաւէրով՝ «Ազատ Օր» եւս ներկայ գտնուեցաւ ասուլիսին՝ ծանօթանալու համար ցուցահանդէսի կազմակերպման մանրամասնութիւններուն եւ անոր պատմամշակութային նշանակութեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թանգարանի տնօրէն Նիքոլաոս Սպամպոլիտիս, որ ցուցահանդէսը դասեց համաշխարհային տարողութիւն ունեցող մշակութային նախաձեռնութիւններու շարքին։ Ան կարեւորեց ներկայացուած իրերու բացառիկ արժէքը՝ ընդգծելով նաեւ ցուցանմուշներու ընտրութեան, տեղադրման եւ ցուցակագրման ուղղութեամբ տարուած բծախնդիր աշխատանքը, որ իրականացաւ հայ եւ յոյն գիտնականներու սերտ գործակցութեամբ։
Սահիկներու ցուցադրութեան միջոցաւ, ան համառօտ կերպով ներկայացուց Հայաստանի պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջանները՝ սկսելով հնագոյն դարերէն։ Յատուկ անդրադարձ կատարեց իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի հայկական մետաղագործութեան եւ կաւագործութեան բացառիկ նմուշներուն՝ ներկայացնելով ոսկեայ հրաշագեղ զարդեղէններ, առօրեայ գործածութեան իրեր, զէնքեր, արձանագրութիւններ եւ այլ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ։
Յոյն տնօրէնը յատուկ նշում կատարեց ցուցահանդէսին առիթով պատրաստուած ծաւալուն հատորին մասին, որ կ՚ընդգրկէ ցուցադրուող բոլոր նմուշներու նկարները ու անոնց կողքին համապատասխան բացատրութիւնները։
Հատորը կը պարունակէ Հայաստանի քաղաքակրթական տարբեր ժամանակաշրջաններու պատմական ներկայացումը եւ գիտական վերլուծումներ հայ պատմամշակութային ժառանգութեան մասին։ Հատորը տրամադրելի է Աքրոփոլիսի գրախանութին կողմէ։
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց ցուցահանդէսի իրականացման առիթով։ Ան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Աքրոփոլիսի թանգարանի ընտրութեան՝ զայն նկատելով երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններու պատմական եւ մշակութային աշխարհները իրարու կապող խորհրդանշական վայր մը։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Հայաստանի դեսպանին ջանքերը եւ բոլոր դերակատարներուն ներդրումը, որոնց հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ իրականացնել նման ծաւալուն ցուցադրութիւն մը։
Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան խօսեցաւ ցուցահանդէսի մտայղացման եւ անոր իրականացման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին՝ անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ միջպետական շփումներուն, որոնք սկիզբ առած էին նախորդող շրջանին եւ ի վերջոյ յանգած այս նախաձեռնութեան իրագործման։ Ան շեշտեց նաեւ, որ ցուցահանդէսը բաց հրաւէր մըն է՝ ուղղուած յոյն ժողովուրդին, այցելելու Հայաստան եւ մօտէն ծանօթանալու մեր հայրենիքի հարուստ պատմութեան ու ստեղծագործական քաղաքակրթութեան։
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Հայաստանի պատմութեան թանգարանի եւ Աքրոփոլիսի թանգարանի գիտաշխատողներու խումբերը, որոնք նախորդող ժամանակաշրջանին սերտօրէն գործակցած էին ցուցահանդէսի նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն յաջող իրականացման համար։
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի գիտաշխատողներ Սոնա Յովսէփեանի, Արինա Գրիգորեանի, Պենիկ Վարդանեանի, Դաւիթ Պետրոսեանի եւ Նայիրա Աւանէսեանի հետ ունեցած զրոյցներուն ընթացքին, «Ազատ Օր» իրազեկ դարձաւ ցուցահանդէսի պատրաստութեան ընթացքին տարուած չափազանց բծախնդիր աշխատանքին։
Անոնք մանրամասնութիւններ փոխանցեցին ցուցանմուշներու ընտրութեան եւ տեղադրման, ցուցափեղկերու պատրաստութեան, արձանագրութիւններու եւ բացատրական գրութիւններու խմբագրման աշխատանքներուն մասին, որոնց հետեւողական իրականացումը հնարաւոր դարձուց ստեղծել ցուցադրութիւն մը, որ լիովին կը համապատասխանէ միջազգային թանգարանային չափանիշներուն։
Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի տպաւորիչ
ելոյթը թանգարանին մէջ
Դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի նախաձեռնութեամբ եւ յատուկ կարգադրութեամբ՝ ցուցահանդէսի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին նախատեսուած է մշակութային ելոյթներու շարք մը։
Շարքի առաջին ելոյթը յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Նոյեմբերի կէսօրին, երբ Յունաստանի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը իր հմայիչ ներկայացումով հանդէս եկաւ Աքրոփոլիսի թանգարանի նախասրահին մէջ։
Հոծ բազմութեան ներկայութեամբ՝ Համազգայինի պարողները ներկայացուցին հայկական ժողովրդային երեք պարեր՝ ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ եւ արժանանալով օտար այցելուներու ուշադրութեան ու գնահատանքին։ Ներկայ հանդիսատեսները իրենց հիացմունքը արտայայտեցին պարախումբի բարձրորակ կատարումներուն նկատմամբ։ Հայկական հնամեայ մշակութային գանձերու կողքին, այցելուներուն առիթ տրուեցաւ նաեւ ծանօթանալու հայկական պարարուեստի գեղեցիկ արտայայտութեան՝ կենդանի եւ տպաւորիչ ներկայացումով։
Ելոյթին ներկայ գտնուեցան Հ.Հ. դեսպանը, յունահայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հայեր, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին հայ երիտասարդներու մշակութային ներկայացումը եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին հայկական մշակոյթի հարստութեան ու անոր կենդանի շարունակականութեան նկատմամբ։
Ելոյթներու շարք՝ նուիրուած
«Հնամեայ Հայաստան» ցուցահանդէսին
Բացատրական շրջապտոյտներ
Շաբաթական հերթականութեամբ, Աքրոփոլիսի թանգարանը կը կազմակերպէ ծանօթագրական շրջապտոյտներ, որոնց ընթացքին հնագէտ մասնագէտի ուղեկցութեամբ պիտի ներկայացուին «Հնամեայ Հայաստան» ցուցահանդէսի բոլոր բաժինները, պատմական ժամանակաշրջանները եւ քաղաքակրթութիւններու ազդեցութիւնները։ Անոնք որոնք կը հետաքրքրուին մաս կազմել շրջապտոյտներուն կրնան իմանալ յայտագիրին մասին, դիմելով հետեւեալ հասցէին՝
https://www.theacropolismuseum.gr/thematikes-paroysiaseis/arhaia-armenia
Հայկական վարժարաններու կողմէ
այցելութիւններ եւ Ծննդեան երգեր
Ելոյթներու ծիրէն ներս, Հ.Հ. դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, նախատեսուած են հայկական վարժարաններու աշակերտութեան այցելութիւններ, որոնց ընթացքին աշակերտները հանդէս պիտի գան հայկական պարերով եւ Ծննդեան երգերով։
— Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր, կէսօրուան ժամը 12-ին, Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի այցելութիւն։
— Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր, կէսօրուան ժամը 12-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Գալփաքեան» վարժարանի այցելութիւն։
- Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբեր, կէսօրուան ժամը 12-ին, Հ.Կ.Խաչի «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի այցելութիւն։
— Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր, կէսօրուան ժամը 12-ին, Հ.Կ.Խաչի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» ազգային միջնակարգ վարժարանի այցելութիւն։
Հայ եւ յոյն երաժիշտներու ելոյթներ
Ուրբաթ, 8 Յունուար 2027-ին, թանգարանի երկրորդ յարկի սրահին մէջ, այցելուները առիթը պիտի ունենալ վայելելու դաշնամուրային մենահամերգ մը, յունահայ տաղանդաւոր երիտասարդ դաշնակահար Դանիէլ Գոլանեանին կողմէ։ Յայտագիրը պիտի ընդգրկէ Պէթհովէնի, Լիզթի եւ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններ։
Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2027-ին, թանգարանը պիտի հիւրընկալէ կիթառի համերգ մը, որուն պիտի մասնակցին միջազգային համբաւ ստացած յունահայ կիթառահար Յակոբ Գոլանեանի աշակերտներու ընտրանին, որոնք պիտի ներկայացնեն միջազգային դասական եւ հայ երաժշտութեան յատկանշական ստեղծագործութիւններ։
Երկու ելոյթներու տեղերու սահմանափակ թիւին պատճառով, պէտք է նախապէս տեղ ապահովել թանգարանի կայքէջին միջոցով։










