­­Հան­րա­պե­տա­կան ­­մաղ­թանք 28 ­­Մա­յի­սի ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ­­տօ­նին առ­թիւ

0
35

Ի գի­տու­թիւն հա­ւա­տա­ցեալ մեր ժո­ղո­վուր­դին այ­սու կը յայ­տա­րա­րենք, թէ 28 ­­Մա­յիս 1918-ի ­­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ ­­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­­Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րու 105-րդ­ ա­մեա­կին առ­թիւ, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­­Թե­մի Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի տնօ­րի­նու­մով, ­­Կի­րա­կի 28 ­­Մա­յիս 2023-ին, ­­Թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, յըն­թացս Ս. պա­տա­րա­գի պի­տի կա­տա­րո­ւի ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած «­­Հան­րա­պե­տա­կան ­­Մաղ­թանք»։
Իսկ յա­ւարտ ­­Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գի պի­տի կա­տա­րո­ւի հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ­­Մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րուն վասն ա­զա­տու­թեան հայ­րե­նեաց նա­հատա­կո­ւած քա­ջա­մար­տիկ զի­նո­ւոր­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար։
Ուս­տի կը հրա­ւի­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը, ներ­կայ գտնո­ւե­լու Ս. պա­տա­րա­գին եւ ա­ղօ­թա­կից դառ­նա­լու ­­Հա­յաս­տան հայ­րե­նի­քին խա­ղա­ղու­թեան, շի­նու­թեան եւ ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար առ Աս­տո­ւած բարձ­րա­ցած ա­ղօթք­նե­րուն։

Կ­րօ­նա­կան ­­Ժո­ղով