Այսու կը ծանուցանենք մեր սիրելի ժողովուրդին թէ Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր, 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, պիտի մատուցուի ս. եւ ա. պատարագ Տիտիմոթիքոյի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի
քարոզէ Յունաստանի թեմի բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐՊ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ծ.ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի մատաղօրհնէք։
Այս ուրախ առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու եկեղեցւոյս տօնախմբութեան։
Թաղային խորհուրդ Տիտիմոթիքոյի