Նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին, Չորեքշաբթի 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Նիքէայի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիսի եւ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Քաղաքապետութեան կողմէ ներկայ եղան նաեւ քաղաքապետի տիկինը եւ փոխքաղաքապետներ, իսկ գաղութին կողմէ ներկայութիւն ունեցան Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի անդամներ, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Հ.Կ.Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական ու սկաուտական մասնաճիւղերու եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Զաւարեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը։
Շրջանի կոմիտէի անունով բացումը կատարեց ընկ. Պօղոս Տէր Արթինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց քաղաքապետին ու իր պատուիրակութեան, ապա անդրադարձաւ երկար տարիներու վրայ հաստատուած Գոքինիոյ համայնքային կառոյցներուն եւ քաղաքապետութեան գործակցութեան։ Ընկերը իր գոհանունակութիւնը յայտնեց, որ Փոքր Ասիոյ 100-ամեակի առթիւ եղած գործակցութիւնը յաջողութեամբ պսակեցուեցաւ հրապարակային ելոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ Նիքէայի մէջ եւ ներգրաւեց հայ եւ յոյն հասարակութիւնը։
Յաջորդաբար, իւրաքանչիւր միութիւն ներկայացուց իր գործունէութեան ամփոփ պատմականը, նկարագրելով նաեւ կատարուած աշխատանքներու դաշտը։ Նիքէայի քաղաքապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հրաւէրին համար, նշելով թէ ուրախութեամբ կը գտնուի հայկական միջավայրէն ներս։ Ան ընդգծեց, թէ գործակցութիւնը հայ համայնքին հետ կու գայ հինէն, երբ ան անցեալին Ռէնտիի քաղաքապետն էր, իսկ ներկայիս Նիքէա եւ Ռէնտի քաղաքներու միացումով աւելի աշխուժացած է համագործակցութինը հայկական գաղութի գործօններուն հետ։
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, որու ընթացքին երկուստեք նշուեցաւ ապագայ ծրագիրներու, յատկապէս մշակութային տեսակի նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը, նկատի ունենալով նաեւ քաղաքապետութեան համապատասխան ծրագրումները։ Երեկոն շարունակուեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հայկական ճաշերու հիւրասիրութեամբ։

ԹՂԹԱԿԻՑ