­­Նո­յեմ­բեր 8-էն 10, Հ.Կ.­­Խա­չի «­­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած էր եր­կօ­րեայ պտոյտ մը դէ­պի ­­Յու­նաս­տա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րէն՝ մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող ­­Մե­թէօ­րա ա­նուն շրջա­նը եւ ա­նոր յա­րա­կից գե­ղա­տե­սիլ վայ­րեր։
Եր­կօ­րեայ այս պտոյ­տը հան­դի­սա­ցաւ ըն­թա­ցիկ ու սո­վո­րա­կան ա­ռօ­րեա­յէն դուրս գա­լու, ըն­կե­րա­կան ու ըն­կե­րա­յին մտեր­միկ եւ ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ եր­կու օ­րեր ան­ցը­նե­լու ի­րա­պէս հա­ճե­լի ա­ռիթ մը։
Պ­տոյ­տին հա­մար ընտ­րո­ւած տար­բեր վայ­րե­րը, սքան­չե­լի բնու­թիւ­նը եւ շրջա­պա­տի մթնո­լոր­տը բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն մօտ ա­ռա­ջա­ցու­ցին ու­րախ եւ գո­հու­նակ տրա­մադ­րու­թեամբ յա­գե­նա­լու հո­յա­կապ պա­հեր։
­­Բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն մօտ ալ զգա­լի էր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը՝ ի տես վար­չա­կան, օ­րո­ւան պա­տաս­խա­նա­տու եւ կազ­մա­կեր­պիչ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն բծախն­դիր աշ­խա­տան­քին։
Ակն­յայ­տօ­րէն գնա­հա­տան­քով ըն­կա­լո­ւե­ցան վար­չու­թեան ը­կե­րու­հի­նե­րուն ցու­ցա­բե­րած սի­րա­լիր եւ հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քը անխ­տիր բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն նկատ­մամբ։
­­Մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը ե­ղան ա­մէն վայր­կեան պատ­րաստ պտոյ­տը վե­րա­ծե­լու հա­ճե­լի եր­կօ­րեա­յի մը։
Ինչ­պէս որ վար­չա­կան ըն­կե­րու­հի­ներ Ալ­մաստ ­­Մե­լի­քեա­նի եւ ­­Ծո­վիկ ­­Մի­նա­սեա­նի կող­մէ լու­սա­բա­նո­ւե­ցաւ՝ ծրա­գի­րը կ­՛ընդգր­կէր այ­ցե­լու­թիւն ­­Լիմ­նի Փ­լաս­թի­րա, ­­Մե­թէօ­րա, Թ­րի­քա­լա, ­­Փեր­թու­լի եւ Է­լա­թի։ ­­Բո­լորն ալ գե­ղա­տե­սիլ, հիա­նա­լի ան­տառ­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած վայ­րեր, ո­րոնք աչք ու հո­գի կը լեց­նեն ի­րենց սքան­չե­լի եւ բա­ցա­ռիկ տե­սա­րան­նե­րով։
Պ­տոյ­տի ծրագ­րին մաս կը կազ­մէր, նաեւ, այ­ցե­լու­թիւն՝ «Բ­նու­թեան պատ­մու­թեան սուն­կի թան­գա­րան»-ը, նա­խա­պէս առ­նո­ւած յա­տուկ ժա­մադ­րու­թեամբ։ Այս­տեղ է, որ ծա­նօ­թա­ցանք սուն­կե­րու տե­սակ­նե­րու, եւ տե­ղե­կա­ցանք ա­նոնց աճ­ման ու ընդ­հան­րա­պէս ա­նոնց օգ­տա­կա­րու­թեան մա­սին։
­­Հոն տե­սանք նաեւ այս լեռ­նե­րուն եւ ան­տառ­նե­րուն մէջ դա­րե­րով ապ­րած ու այժմ ան­հե­տա­ցած տե­սա­կա­ւոր ա­նա­սուն­նե­րու եւ թռչնազ­գի­նե­րու զմռսո­ւած նմոյշ­ներ։
­­Լաւ եւ օգ­տա­կար մտա­ծում էր, միա­ժա­մա­նակ, մեր այ­ցե­լած վայ­րե­րուն մա­սին ծա­նօ­թաց­ման եւ պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թեանց փո­խան­ցու­մը, որ ձեռն­հա­սօ­րէն կա­տա­րո­ւե­ցաւ ըն­կե­րու­հի ­­Հայ­կու­հի Եաղ­ճեա­նի կող­մէ։
Այս­պէս, օ­րի­նակ, ըն­կե­րու­հիի տո­ւած տե­ղե­կու­թեանց հա­մա­ձայն՝ ի­մա­ցանք, որ ­­Լիմ­նի Փ­լաս­թի­րան ա­րո­ւես­տա­կան լիճ է, որ կա­ռու­ցո­ւած է ա­ռա­ջար­կովն ու մտայ­ղա­ցու­մո­վը զի­նո­ւո­րա­կան, վար­չա­պետ ­­Նի­քո­լաոս Փ­լաս­թի­րա­յի։ ­­Լի­ճը գո­յու­թիւն ու­նի 30 ­­Հոկ­տեմ­բեր 1960-էն ի վեր։
Ի դէպ, ինք Փ­լաս­թի­րա մա­հա­ցած է նախ­քան լի­ճի վերջ­նա­կան գո­յա­ռու­մը։ Ա­նոր մա­հէն ետք՝ յար­գե­լով Փ­լաս­թի­րա­յի ներդ­րումն ու յի­շա­տա­կը, լի­ճը կո­չո­ւած է ա­նոր ա­նու­նով՝ Փ­լաս­թի­րա։
Ի­մա­ցանք նաեւ, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կող­մէ «­­Հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցակ»-ին վրայ իր ար­ժա­նի տե­ղը գտած ­­Մե­թէօ­րան իր այժ­մու վերջ­նա­կան տես­քը ստա­ցած է 18-19-րդ ­դա­րե­րուն։
Ա­նոր բազ­մա­թիւ վան­քե­րուն մէջ բնա­կած են կրօ­նա­ւոր այ­րեր եւ միայն Ա­յու Ս­թե­ֆա­նու վանքն է, որ 1961-էն սկսեալ յատ­կա­ցո­ւած է բա­ցա­ռա­պէս կրօ­նա­ւո­րու­հի­նե­րու։ Ն­շենք, որ այս վան­քի ե­կե­ղե­ցիին մէջ կը գտնո­ւին 17-րդ ­դա­րէն ե­կած որմ­նան­կար­ներ։
Եզ­րա­կաց­նե­լով՝ «­­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած եր­կօ­րեայ այս պտոյ­տը հա­ճե­լի եւ հե­տաքրքրա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն էր։
­­Մաս­նա­կից­նե­րը գոհ էին, ու­րախ եւ յա­ջորդ պտոյ­տի սպա­սու­մով ցտե­սու­թիւն ը­սին ի­րա­րու։
­­Վարձ­քեր­նիդ կա­տար ըն­կե­րու­հի­ներ՝ Ալ­մաստ, ­­Ծո­վիկ, Այ­տա եւ ­­Լո­րա, որ ճիգ չխնա­յե­ցիք վար­չու­թեան այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը — սկիզ­բէն մին­չեւ ա­ւարտ — դարձ­նե­լու հա­ճե­լի, օգ­տա­կար եւ ու­րախ պա­հե­րով առլ­ցուն յի­շար­ժան օր մը։

Է.Պ.