Հ.Կ.­Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւին 2-րդ ­փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի, 1 ­Նո­յեմ­բեր 2026-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-էն մին­չեւ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 14:00,  ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Կ.­Խա­չի կո­չին, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւին, գի­տակ­ցե­լով ա­րեան նո­ւի­րա­բե­րու­մի անհրա­ժեշ­տու­թեան, որ մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն մըն է եւ նպա­տակ ու­նի օգ­նու­թեան հաս­նիլ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, երբ որ կա­րի­քը ստա­ցո­ւի:
Հ.Կ.­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան բժիշկ­նե­րու խում­բին հետ ըն­դու­նե­ցին կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն: ­Պա­տաս­խա­նա­տու բժիշ­կը խիստ քննու­թե­նէ կ­՚ան­ցը­նէր կա­մա­ւոր­նե­րը, որ­պէս­զի բո­լոր ա­ռող­ջա­պա­հա­կան օ­րէնք­նե­րը յար­գո­ւին:
­Կա­րե­լի ե­ղաւ 24 շիշ ա­րիւն ա­պա­հո­վել: Ս­տա­ցո­ւած ա­րեան քա­նա­կը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Է­վան­կե­լիզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­կար­գի՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ա­նու­նին տակ պահք դրո­ւած ա­րեան պա­հես­տին։
Ն­շենք, թէ այս տա­րի, Հ.Կ.­Խա­չի ո­րո­շու­մով, ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ եր­կու ա­կումբ­նե­րուն մէջ, վեց ամսուան հե­ռա­ւո­րու­թեամբ, ա­ռի­թը տա­լու հա­մար բոլոր փափաքողներուն կա­րե­նան մաս­նակ­ցիլ Հ.Կ.­Խա­չի կազ­մա­կեր­պած ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւին:
­Վարձ­քը կա­տար եւ ա­ռող­ջու­թիւն բո­լո­րին։