­Չո­րեք­շաբ­թի, 15 ­Յու­նո­ւար 2025-ի գի­շե­րո­ւան ժա­մը 11:30-ին, ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան ΕΡΤ3 կա­յա­նը պի­տի ցու­ցադ­րէ ծա­նօ­թագ­րա­կան տե­սա­նիւթ մը հայ ե­րաժշ­տու­թեան մա­սին, նիւթ ու­նե­նա­լով ­Հա­յաս­տա­նի ե­րաժշ­տա­կան բնա­գա­ւա­ռը:
­Տե­սա­նիւ­թը պատ­րաս­տո­ւած է 2019-ին, EuroArts/MDR ըն­կե­րու­թեան կող­մէ:
­Կա­յա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի, թէ «­Կով­կա­սի լու­սա­շող մա­սը գտնո­ւող այս փոքր եր­կի­րը կը պա­հէ աշ­խար­հի ա­մէ­նէն հին եւ հա­րուստ ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյթ­նե­րէն մէ­կը»: