Հայ դպրոցը իր հզօր դերը ունի մեր հաւաքական եւ ազգային կեանքին մէջ: Սփիւռքի մէջ պէտք է միշտ ապրի հայը, հայու ոգին, հայ լեզուն ու մշակոյթը:
Հայ դպրոցը իր առաւելութիւններով, իր որակով, իր ապահով, ընտանեկան միջավայրով եւ իր ընծայած բարձրորակ կրթութիւնով հայ մանուկին «երկրորդ տուն»ն է: Ան նուիրական հաստատութիւնն է, որուն մթնոլորտը իր հզօր ազդեցութեամբ կը ներշնչէ հայ մանուկին պատկանելիութեան զգացումը, ազգային դիմագիծին ու ժառանգութեան գիտակից ճանաչումն ու հպարտութիւնը:
Սփիւռքի մէջ հայ դպրոցին հիմնական առաքելութիւններէն մէկը հայակրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան արդիւնաւորումն է: Աշակերտները կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները, հայ աղօթքներն ու երգերը: Այս ձեւով կը բարձրանայ իրենց ինքնավստահութիւնը ու աւելի ամուր կապեր կը հաստատեն մշակութային ժառանգութեան եւ արժէքներուն հետ:
Նաեւ, առաւելութիւններէն մէկն է հայերէնի եւ յունարէնի ուսուցումը, որ կը հարստացնէ ուսանողներու լեզուական հմտութիւնները: Այս ձեւով, երկլեզու աշակերտները աւելի մեծ դիւրութեամբ կը սորվին զանազան լեզուներ ու կը նախապատրաստուին բազմալեզու ու բազմամշակութային հասարակութեան:
Հայկական վարժարանները որակաւոր դպրոցներ են ու կը շնորհեն երեխաներուն ոչ միայն հայեցի դաստիարակութիւն այլ բազմակողմանի ու բարձրորակ կրթութիւն նորարար մանկավարժական միջոցներով, որպէսզի ինքնավստահութեամբ ու լաւ պաշարուած կերտեն իրենց ապագան եւ երկլեզուութիւնը հարստութիւն նկատեն: Նոր ու ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումներով եւ ծրագիրներով մանուկները կը ստեղծագործեն, իրենց շրջապատին կը ծանօթանան , ապրումներ եւ գիտելիքներ կը ստանան: Այս ձեւով իրենց աշխարհահայեացքը կ՚ընդլայնեն եւ համամարդկային ընդհանուր գիտութիւնը կը զարգացնեն:
Կրթարաններուն նաեւ հիմնական առաքելութիւններէն մէկն է մանուկն ու պատանին գիտակ դարձնելու մտաւոր եւ բարոյական զարգացման եւ առօրեայ կեանքի պայքարին պատրաստուելու կարեւորութեան: Ընտիր դաստիարակութեան կարեւոր տարրերն են լաւագոյն նկարագրի կազմութիւնը, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութեան ջամբումը, փոխադարձ յարգանքը եւ գիտութեան ու ծանօթութեան ուսուցումը: Այս բոլորը կը նպաստեն պատասխանատու քաղաքացիներու ստեղծման:
Հայկական դպրոցները կը գործեն որպէս կեդրոններ որոնք կը հարստացնեն տեղական մշակոյթը ու կը միաւորեն հայ համայնքը՝ ամրապնդելով կապերը անդամներուն միջեւ եւ խթանելով համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը:
Եզրափակելով, հայկական դպրոցները կրթութեան, ազգային ինքնութեան ու մշակոյթի զարգացման եւ հայապահպանման հիմնասիւններն են: Հայկական կրթօճախները կանգուն պահելով մեր ազգային ու մշակութային ժառանգութիւնը եւ լեզուն համատեղելով ժամանակակից հասարակութեան պահանջներուն հետ մեր ազգը կանգուն կը պահենք :
ՎԻՔԹՈՐԻԱ ՄԱՂԱՔԵԱՆ
Տնօրէնուհի Հ.Կ.Խ «Լ.եւ Ս.Յակոբեան»
ազգային. վարժարանի