Կիրակի՝ 19 Փետրուար 2017ին Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց ի յիշատակ միութեանս բոլոր հանգուցեալ բարերարներուն եւ ի գնահատումն անոնց մարդասիրական եւ վեհ սկզբունքներուն։
«Վ. եւ Վ. Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, Շրջանային վարչութիւնս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի հետ միասնաբար հոգեճաշ կազմակերպեց՝ ի յիշատակ բարերար Արթին Գալուստեանին։
Թաղականութեան կողմէ խօսք առնելով պրն. Արէտ Տէրէյեան, ի միջի այլոց շնորհակալութիւն յայտնեց Գալուստեան կտակի կատարումի յանձնախումբի անդամներուն եւ յատկապէս մեր հայրենակից՝ պրն. Սեպուհ Սահատճեանին, որ տարիներ շարունակ եւ ամենայն մանրակրկտութեամբ, ի սպաս բերաւ անհրաժեշտ գիտելիքները եւ ժամանակը Գալուստեան կտակի պատշաճ կատարումին։
Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ փոխ-ատենապետուհի ընկ. Միմի Ալեանակ, որ ներկայացուց Արթին Գալուստեանը, որպէս համեստ, բազմակողմանի զարգացած եւ մարդասէր անձնաւորութիւն, որ իր կտակին մէջ ներառած էր Յունաստանի բոլոր հայ կառոյցները եւ միութիւնները, ինչը կþ ապացուցէ անոր հայրենասիրութիւնը եւ ազգային պարտքի մեծ զգացողութիւնը։
Վարձքը կատար բոլորին եւ յիշատակը անմար։
Թղթակից ՝ Ի. Յ.