­Տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, ան­գամ մը եւս «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը ըն­դու­նեց հայ ա­շա­կերտ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ ա­նոնց ծա­նօ­թա­ցու­մը թեր­թիս հրա­տա­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն հետ։
Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի Զ. ա­ւար­տա­կան կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­ղեկ­ցու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի ­Վիք­թո­րիա ­Մա­ղա­քեա­նի եւ ու­սուց­չու­հի Ա­լի­նա ­Պար­տաք­ճեա­նի, Ե­րեք­շաբ­թի, 20 ­Մա­յիս 2025-ին, ման­կա­կան ձայ­նե­րով լե­ցու­ցին թեր­թի մի­ջա­վայ­րը եւ ի­րա­զեկ դար­ձան ա­նոր հրա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծըն­թա­ցին ու պատ­մու­թեան մա­սին։
­Հոս պէտք է յայտ­նել, թէ մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ար­դէն ի­րենց դա­սա­րան­նե­րուն մէջ կը ծա­նօ­թա­նան «Ա­զատ Օր»-ի գա­ղա­փա­րին, իսկ ա­նոնց ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հին մէջ ու­րուագ­ծո­ւած պատ­կեր­նե­րը շօ­շա­փե­լի ամ­բող­ջու­թիւն մը կը ստա­նան օ­րա­թեր­թի հա­րա­զատ մթնո­լոր­տէն ներս։
Ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ եւ ի­րենց ձեռ­քը ու­նե­նա­լով մէ­կա­կան թիւ, լսե­ցին ու տպա­ւո­րո­ւե­ցան յու­նա­հայ մա­մու­լի պատ­մու­թեան հարս­տու­թեամբ ու «Ա­զատ Օր»-ի հրա­տա­րակ­չա­կան տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։
­Խօսք ե­ղաւ հայ թեր­թի դե­րին մա­սին, որ բա­ցի լրա­տո­ւա­կան ու տե­ղե­կա­տո­ւա­կան մի­ջո­ցէ մը, կը հան­դի­սա­նայ հա­յա­պահ­պա­նու­մի ու հայ լե­զո­ւի զար­գաց­ման ազ­դակ, որ կը նպաս­տէ հա­յա­գա­ղութ­նե­րու կեն­սու­նա­կու­թեան ու սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման։
­Հե­տաքրք­րա­կան էր ի­մա­նալ, թէ ար­դէն մատ­ղաշ տա­րի­քէն սկսեալ, կարգ մը ա­շա­կերտ­ներ կը զբա­ղին է­ջադ­րու­մի հա­մա­ցան­ցա­յին մի­ջոց­նե­րով, ու այդ մթնո­լոր­տին մէջ կա­րո­ղա­ցան հեշ­տու­թեամբ ըն­կա­լել թեր­թի մը պատ­րաս­տու­թեան հանգ­րո­ւան­նե­րը։ Ի­րենց հար­ցում­ներն ու մատ­նան­շում­նե­րը խո­րա­պէս տպա­ւո­րե­ցին մեզ, տա­լով նաեւ խոս­տու­մը պատ­րաս­տե­լու ինք­նա­գիր գրու­թիւն­նե­րու փունջ մը, որ­պէս­զի ա­պա­գա­յին լոյս տես­նեն թեր­թին մէջ։
­Կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թե­նէն եւ ա­նոնց գո­հու­նակ ժպիտ­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թե­նէն ետք, մեր ժա­մադ­րու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ այ­լեւս «Ա­զատ Օր»-ի ա­պա­գա­յի է­ջե­րուն մէջ ներ­կա­յա­նա­լու մտադ­րու­թեամբ։