Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին այսու կը յայտարարենք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առթիւ, Կիրակի 2 Յուլիս 2023-ին, Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի պիտի կատարուի «Հայրապետական Մաղթանք»։
Սոյն ուրախ առիթով, կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը մասնակցելու եւ աղօթակից ըլլալու Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութեան եւ երկարամեայ գահակալութեան Հայրապետական մաղթանքին։
Կրօնական Ժողով