Հ.Կ. Խաչի արիւնատուութեան Բ. փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի՝ 14 Մայիս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
Անգամ մը եւս մեր հայրենակիցները ընդառաջեցին Հ.Կ.Խաչի կոչին եւ ներկայացան արիւնատուութեան վայրը, խորապէս գիտակցելով, թէ իրենց նուիրաբերումով կեանք մը պիտի փրկուի եւ պիտի յարգեն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու արեան զոհաբերումը:
Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան «Արամ Մանուկեան» ակումբը, օգտակար հանդիսանալու համար կամաւոր արիւնատուներուն: Պատասխանատու բժիշկը քննութիւններէ կ՚անցընէր կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին: Կարելի եղաւ 36 հոգիէ արիւն ստանալ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի Հայ Կապոյտ Խաչի անունին պահ դրուած արեան պահեստանոցին։
Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիները իրենց գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին՝ մեր հայրենակիցներուն, իրենց կողմէ ցոյց տրուած պատրաստակամութեան եւ կամաւոր ներկայութեան համար, որով այս տարի եւս, երկու ակումբներուն մէջ յաջողապէս իրականացած արիւնատուութեան շնորհիւ, միութեան արեան պահեստը հարստացաւ նկատառելի քանակով մը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը իր աւարտին հասաւ