Հ.Կ. Խաչի արիւնատուութեան Բ. փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի՝ 4 Ապրիլ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
Հակառակ «Քորոնա» ժահրի պատճառով շրջագայութեան արգիլումի կիրառումին, գործադրելով շրջագայութեան օրէնքի անհրաժեշտ քայլերը, մեր հայրենակիցները դարձեալ ընդառաջեցին Հ.Կ.Խաչի կոչին եւ ներկայացան արիւնատուութեան վայրը, խորապէս գիտակցելով, թէ իրենց նուիրաբերումով կեանք մը պիտի փրկուի եւ պիտի յարգեն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու արեան զոհաբերումը:
Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան «Արամ Մանուկեան» ակումբը, օգտակար հանդիսանալու համար կամաւոր արիւնատուներուն, բժիշկին եւ հիւանդապահներուն: Պատասխանատու բժիշկը խիստ քննութիւններէ կ՚անցընէր կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին: Կարելի եղաւ 46 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի Հայ Կապոյտ Խաչի անունին պահ դրուած արեան պահեստանոցին։
Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիները իրենց գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին՝ մեր հայրենակիցներուն, իրենց կողմէ ցոյց տրուած պատրաստակամութեան եւ կամաւոր ներկայութեան համար, որով այս տարի եւս, երկու ակումբներուն մէջ յաջողապէս իրականացած արիւնատուութեան շնորհիւ, միութեան արեան պահեստը հարստացաւ նկատառելի քանակով մը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին նուիրուած Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւը իր աւարտին հասաւ