Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակ

Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021

Դափնեպսակի զետեղում Սինտաղմայի հրապարակի
Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ
Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ
տիկին Քաթերինա Սաքելարոփուլուի կողմէ:

Գոհաբանական արարողութիւն եւ
դափնեպսակներու զետեղում

Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021, ժամը 18։00

Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ:
Արարողութեան ընթացքին պիտի պահուին պետութեան կողմէ համավարակի դէմ կիրարկուող սահմանափակումները:
Ներկաներուն թիւը խստօրէն սահմանուած է:

Ոգեկոչական առցանց ձեռնարկ

Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021, ժամը 21։00

Սփռումը պիտի կատարուի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ
«Ազատ Օր» օրաթերթի կայքէջերէն, ինչպէս նաեւ
Դիմատետրի ընկերային ցանցէն:

Համերգ

Շաբաթ՝ 24 Ապրիլ 2021, ժամը 22։00

ET-3 պետական հեռատեսիլի կայանէն
Թեսաղոնիկէի Համերգասրահի եւ Թեսաղոնիկէի
սիմֆոնիկ պետական նուագախումբին կողմէ:
Համերգը պիտի սփռուի ET-3 պետական հեռատեսիլի կայանէն: