Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2024- ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեանը։
Յարգոյ դեսպանը նախ շնորհաւորեց առաջնորդական ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր, ծառայական կարեւոր նոր առաքելութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող հարցեր եւ մասնաւորաբար Յունաստանի հայ համայնքին վերաբերող յառաջիկայ ծրագիրներ։ Քննարկումներու ընթացքին շեշտուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ Հ.Հ. դեսպանատան գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ազգային, մշակութային եւ կրթական մակարդակներու վրայ։
Աւարտին, Յունաստանի Հայոց առաջնորդը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց յարգոյ դեսպանին, սոյն այցելութեան եւ բարեմաղթութիւններուն համար։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը այցելեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին