Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի յանձնախումբը, այսու սիրով կը հրաւիրէ երգչախումբի բոլոր անդամ-անդամուհիները հանդիպում-հիւրասիրութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի, «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ:
Մեծ ուրախութեամբ կը հրաւիրենք ու կը սպասենք նաեւ մեր այն բոլոր հայրենակիցները, որոնք սիրելով հայ երգը, իրենց մասնակցութեամբ պատրաստ են սատարելու այս գեղեցիկ գործունէութեան:
ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ