Երկար ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքէ ետք, Համազգայինի «Ա. Գազանճեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ 3 տարբեր կատակերգութիւններով, որոնք իրենց ներկայացման ոճով եւ երիտասարդ դերասաններու յայտնութեամբ բեմին վրայ, բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծեցին թատերասէր հանրութեան։
Ուղիղ տարի մը առաջ, թատերական խումբը ներկայացուց Մալխասի «Զարթօնք»-ը յունարէն թարգմանութեամբ եւ արդէն լաւ տպաւորութիւններ թողեց հանրութեան։ Այս անգամ, կարգն էր զաւեշտախառն ներկայացումներուն, որոնք խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին ներկաներուն մօտ։
Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Քալիթէայի «Իզոլա» թատերասրահը ընդունեց հայրենակիցները, որուն մուտքին արդէն Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամները պատշաճ ընդունելութիւն կը կատարէին։ Գեղատիպ յայտագիրը բաժնուեցաւ բոլորին. անոր մէջ տեղ գտած էին ներկայացուող կտորներուն նկարագրականները եւ դերասաններուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։
Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի եւ Հ.Կ.Խաչի ներկայացուցիչները։ Ներկայացման մեկնարկին, ընկ. Ալիս Ֆուրունճեան ամփոփ ներկայացուց թատերական գործունէութեան բաժինները, զարկ տալով երկարամսեայ փորձերուն ու պատրաստութեան։
Օրուան յայտագիրը բաժնուած էր երեք տարբեր կարճ ներկայացումներու, որոնց մասնակցեցան մեծ թիւով դերասաններ եւ խլեցին խանդավառ ծափահարութիւններ։
Առաջին կատակերգութիւնը Անտոն Չեխովի «Ամուսնութեան առաջարկը»-ն էր, որ ներկայացուցին Ժանօ Պարտաքճեան, Անայիս Բարսեղեան եւ Նշան Սավուլեան։ Ռուսական հին կեանքէն առնուած զուարճալի պատմութիւն մը, որ զաւեշտական եւ իրար փորձանքներ ստեղծող երկխօսութիւն մըն էր, անվերջ զուարճացնելով հանդիսատեսը։ Երեք դերակատարներն ալ, իրենց դերերը լաւապէս իւրացուցած, պարգեւեցին ուրախ պահեր եւ ստացան երկար ծափահարութիւն։
Յաջորդ ներկայացումը դարձեալ Չեխովի ստեղծագործութիւն մըն էր՝ «Արջը» խորագիրով, որուն մենակատարները հանդիսացան Յակոբ Պարսամեան, Սառա Միսաքեան եւ Ժագ Տամատեան։ Բոլոր դերասանները հայ բեմին վրայ արդէն փորձառութիւն ձեռք ձգած անձեր են, այսպէս, իւրաքանչիւրին ներկայութիւնը ինքնավստահ եւ լաւապէս արտայայտուած դերերու մարմնացումն էր, որ անվերջ ծիծաղի ալիքներ ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ։
Վերջին կատակերգութիւնը՝ Տիմիթրիս Փսաթասի «Կապոյտ կրիան» իր սրամիտ ու քրքջալի երկխօսութիւններով, երկար ծիծաղ ու խնդուք պարգեւեց ներկաներուն։ Այս անգամ դերասաններու խումբը ամէնէն ընդարձակը ըլլալով, տարբեր երկխօսութիւններ, յաջորդական տեսարաններ ու անսպասելի ընթացք մը ստեղծեց ներկայացման հոսքին մէջ։ Բեմին վրայ երեւցան Թամար Մինասեան, Սարգիս Մինասեան, Նշան Սավուլեան, Մարօ Մաթեան, Ալպերթ Մարտիկեան, Ծիլա Թութուշեան, Նարինէ Կմբիգեան եւ Կարէն Խաչերեան։ Հոս եւս Համազգայինի թատերականին մէջ վաստակ ունեցող դերասաններուն կողքին, երիտասարդներու երեւումը տարբեր շունչ մը տուաւ ծիծաղով լեցուն ներկայացումին։
Պէտք է անվարան գնահատել բոլոր դերակատարները։ Փորձառու դերասաններուն կողքին, իսկապէս խրախուսիչ էր տեսնել խումբ մը պատանի եւ երիտասարդ հայորդիներ, որոնց մէջ արթնցած է սէրը դէպի հայկական թատրոնը, եւ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով, իրենց ծլարձակուող տաղանդը կը սկսի ծաղկիլ հանրութեան առջեւ։ Վստահաբար, հիներու փորձառութիւնը եւ ինքնավստահ երեւումը օրինակելի ճամբայ կը բանայ նորերուն առջեւ, որոնք մեր գնահատանքին եւ քաջալերանքին արժանի են։
Երկու խօսք բեմադրիչ ընկ. Յակոբ Պարսամեանին մասին։ Սիրելի դերակատարը, պատանեկան տարիքէն թրծուեցաւ Արշաւիր Գազանճեանի շունչին տակ, կանուխէն ցոյց տալով բեմական յատկութիւններ եւ իւրայատուկ թատերական տիպար մը։ Քանի մը տարիէ ի վեր ան մտաւ բեմադրական գործին մէջ, արժանաւորապէս իր վրան առնելով թատերական կեանքի յարատեւման ջանքերը։ Կ՚արժէ գրկել Յակոբի բեմադրական եռանդը ու ակնկալել նորանոր ստեղծագործութիւններ։
Գնահատանքով պիտի արտայայտուինք ընկ. Սարգիս Մինասեանի թարգմանական գործին մասին, որ կարողացաւ յունարէնէ հայերէնի վերածուած արտայայտութիւններուն եւ խօսակցական ոճին պատշաճեցնել երկխօսութիւնները եւ տեւաբար պահել ծիծաղի մթնոլորտը իւրաքանչիւր նախադասութեան մէջ։
Բեմին ետեւ կանգնած դերակատարները սատարեցին ներկայացման յաջողութեան, աներեւոյթ հերոսներու դերը ստանձնելով վարագոյրին այն կողմը։ Տարիներու փորձառութեամբ օժտուած յուշարարի պարտականութիւնը իր ուսերուն վրայ առաւ ընկ. Կիւլա Գարապաճաքեան։ Ճաշակաւոր բեմայարդարումը կատարեց ընկ. Անայիս Գազանճեան, իսկ երաժշտական յաջող մշակումի աշխատանքը ստանձնեց ընկ. Ալիս Ֆուրունճեան։ Դերասաններու շպարումին լաւ արդիւնքը կը պարտինք ընկ. Լուիզա Պօղոսեանին։ Նկարները պատրաստած էր ընկ. Կարօ Աղապատեան, իսկ յայտագիրի պատշաճ ձեւաւորումը ամբողջացուց Վակելիս Կեքաս. յայտագիրի գրութիւնները խնամքով պատրաստեց ընկ. ժագ Տամատեան։ Ներկայացման հովանաւորութեան սատարեց Սարգիս Տանկազեան։
* * *
Խանդավառութեամբ նկարագրուած բեմական տեսարաններուն հակապատկերն էր մեր հայրենակիցներու բացակայութեան տխուր տեսքը։ Թատերական ներկայացումը, իր գեղարուեստական արժէքով հանդերձ, զուրկ էր այն կենսական ներկայութենէն, որ կը պարգեւեն մեր գաղութի անդամները։
Թատերասրահին մէջ զգալի էր մասնակցութեան նօսրութիւնը, իսկ կրօնական, ազգային, կրթական, միութենական, երիտասարդական ոլորտներու դերակատարներուն բացակայութիւնը նոյնքան տեսանելի էր՝ բեմին վրայ եղած շարժումներուն կողքին։ Աւելի քան հիասթափեցնող էր երիտասարդ տարրին բացակայութիւնը, մանաւանդ երբ բեմին վրայ տիրական դարձաւ տաղանդ մշակող թիւ մը պատանիներու եւ երիտասարդներու խրախուսիչ մասնակցութիւնը, որոնց հանդէպ քաջալերանքը նախ եւ առաջ պէտք է բխի նոյն տարիքի ու սերունդի ներկայացուցիչներէն։
Հայ թատրոնը կարելի չէ նկատել իբրեւ սոսկ ժամանց, այլ ազգային ինքնութեան պահպանման ու դիմագիծի ամրապնդման միջոց։ Հայ բեմը եղած է հայ լեզուի, գիրի ու պատմական ժառանգութեան մշտական դպրոցը։ Անոր միջոցով եւս հայ մարդը վերագտած է իր ձայնը, իր կերպարն ու ազգային գիտակցութիւնը։ Հայ թատրոնը կը շարունակէ պահել մեր լեզուին շունչը եւ մեր գրականութեան կենդանի ներկայութիւնը։
Պէտք է զօրացնել թատրոնի յարատեւումը գաղութահայ կեանքէն ներս։ Համազգայինի ճիգերը, երիտասարդ դերակատարներու թափը, հայ բեմին ծառայելու փափաքը պէտք է ըստ ամենայնի իրենց արժանի գնահատանքը գտնեն բոլորիս կողմէ՝ անխտիր։










