Շաբաթ՝ 28 Հոկտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 9:45ին, Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան եւ Թաղային Խորհուրդիս ատենապետ պրն. Կարպիս Պեքէրէճեան ներկայ եղան Նէա Զմիռնիի յունաց «Այ. Ֆոթինի» եկեղեցին եւ մասնակից դարձան յունաց ազգային տօնի, պատմական «Ոչ»ի 77րդ տարեդարձին առթիւ կատարուող գոհաբանական արարողութեան, նախագահութեամբ Նէա Զմիռնիի յունաց Մետրոպոլիտ՝ գերշ. Տ. Սիմէոն Եպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ քաղաքապետ՝ պրն. Սթավրոս Ծուլաքիսի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ — անդամուհիներուն։
Եկեղեցական արարողութիւնէն ետք ներկայ բազմութիւնը, պրն. քաղաքապետի եւ հոգեւոր դասու գլխաւորութեամբ, աշակերտ դրօշակակիրները քաղաքապետարանի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի քաղաքիս «Էսթիա»ի հրապարակը «Անծանօթ Զինուոր»ի յուշարձանին առջեւ հոգեհանգստեան կարճ արարողութիւնէ մը ետք, տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղմում:
Քաղաքապետ՝ պրն. Սթավրոս Ծուլաքիս յանուն քաղաքապետարանին եւ յարակից կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքիս բարեսիրական, քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ այլ կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնց կարգին Նէա Զմիռնիի եւ Նէոս Գոզմոսի հայ համայնքին անունով դափնեպսակ զետեղեց: Յաջորդեց աշակերտական եւ սկաուտական տողանցք, որուն մասնակից եղաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի սկաուտական արի-արենուշներու խումբը, ուր պատուիրակութիւնս պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հիւրերու կարգին հետեւեցաւ տողանցողներուն։
Աւարտին, պատուիրակութիւնը յանուն հայ գաղութին, շնորհաւորեց Սիմէոն Սրբազան Հայրը, քաղաքապետն ու Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ — անդամուհիները, եւ փոխանցեց անոնց յունահայոց առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի յատուկ ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ