Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լի­սի ­Տա­րօ­նեան վար­ժա­րա­նէն ներս հեր­թա­կան դա­սե­րը ար­դէն սկիզբ ա­ռած են եւ կա­նո­նա­ւո­րա­պէս կը գոր­ծադ­րո­ւին՝ շա­բա­թա­կան դրու­թեամբ։ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող հայ­կա­կան դպրո­ցը իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր եւ նոյն թա­փով եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բել շրջա­նի հայ մա­նուկ­նե­րուն ու պա­տա­նի­նե­րուն մօտ։
Ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւը 30 հո­գի է, ո­րոնք բաժ­նո­ւած են եր­կու խում­բե­րու, տա­րի­քա­յին ի­մաս­տով։ Ա­շա­կերտ­նե­րը մեծ սի­րով եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ դպրոց կու­գան եւ ի­րենց դա­սերն ու վար­ժու­թիւն­նե­րը բծախնդրու­թեամբ կը կա­տա­րեն, ի­րենց ու­սուց­չու­հի­ներ Ար­մի­նէ Մ­խի­թա­րեա­նի եւ ­Սո­ֆիա Ա­միր­խա­նեա­նի խիստ ջան­քե­րուն շնոր­հիւ, ո­րոնք մեծ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ կը կա­տա­րեն ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին է հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի ան­խա­փան գոր­ծու­նէու­թեան հար­ցը։ ­Հայ­րե­նա­նո­ւէր այս գոր­ծին մօ­տէն կը հո­գան ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Վարդ­գէս ­Մա­րու­քեան եւ դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կա­րէն ­Մե­լիք­սէ­թեան, ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րե­լով ա­ռօ­րեայ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւն­քը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին մէջ։
Յա­ջող ու բա­րի կրթա­կան նստաշր­ջան կը մաղ­թենք Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Տա­րօ­նեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին։