­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

­Հայ ազ­գին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-ա­մեա­կի նա­խօ­րեա­կին կը գտնո­ւինք, սաստ­կա­ցող ու մեր հայ­րե­նի­քի լի­նե­լու­թիւ­նը պա­տու­հա­սող ճգնա­ժա­մա­յին կա­ցու­թեան մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րը շա­րու­նա­կա­բար են­թա­կայ են ատր­պէյ­ճա­նա­կան մշտա­կան ոտնձ­գու­թեանց, իսկ 120 օ­րե­րէ ի վեր Ար­ցա­խը կը մնայ շրջա­փա­կո­ւած ու հետզ­հե­տէ վա­տա­ցող պայ­ման­նե­րու տակ։
­Մեր ազ­գին դէմ 108 տա­րի­ներ ա­ռաջ սկիզբ ա­ռած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի, իր սար­սա­փե­լի ե­րե­սը դար­ձեալ ցոյց տա­լով, փան­թուր­քիս­տա­կան նկրտում­նե­րով։
­Հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ան­տար­բեր, խուլ ու համր դար­ձող մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ, ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը իր ազ­գա­յին պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կէ ճա­կա­տագ­րա­կան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի պար­տու­թե­նէն ու ան­կէ ետք յա­մե­ցող ծանր հար­ցե­րը դի­մագ­րա­ւե­լով։
Ատր­պէյ­ճա­նի շա­րու­նա­կա­կան սադ­րանք­նե­րու լոյ­սին տակ, հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քի ժո­ղո­վուր­դը պար­տի ա­չա­լուրջ ու պատ­րաս­տա­կամ ըլ­լալ։ ­Մա­նա­ւանդ գի­տակ­ցե­լով թէ Ար­ցա­խեան պայ­քա­րը ե­ղաւ այն հիմ­քը՝ ո­րուն վրայ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան զար­թօնք ապ­րե­ցան նա­խորդ սե­րունդ­նե­րը եւ հայ­կա­կան պե­տու­թիւ­նը հիմ­նադ­րո­ւե­ցաւ այդ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան յե­նա­սիւ­նե­րուն վրայ։
­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու Ար­ցա­խեան յաղ­թա­նակն էր, որ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դին մօտ նոր շունչ ու վե­րապ­րում բե­րաւ։ ­Պա­տա­հա­կան չէ ար­դէն, որ Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Հռ­չա­կագ­րե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձը կայ հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գա­ղա­փա­րին։
­Մեր պատ­մու­թեան ծանր դա­սե­րը քա­ղած ըլ­լա­լով, լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցինք, թէ միայն պա­հան­ջա­տէր եւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան ուժն է, որ կրնայ կան­խար­գի­լել ­Ցե­ղաս­պա­նա­կան նոր ո­ճիր­ներ մեր ազ­գին դէմ։
Այժմ պահն է, որ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը միա­խումբ ու վճռա­կան կե­ցո­ւածք ցու­ցա­բե­րէ, պաշտ­պա­նե­լով իր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը, վե­րա­կեր­տե­լով իր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, պահ­պա­նե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի նոր սե­րունդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը։

­Հայ­րե­նա­կից­ներ,
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կոչ կ’ուղ­ղէ իւ­րա­քան­չիւր պա­հան­ջա­տէր հա­յու՝ ներ­կայ գտնո­ւե­լու եւ գործ­նա­կան իր մաս­նակ­ցու­թեամբ յա­ւե­լեալ ուժ ու ե­ռանդ փո­խան­ցե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չա­կան բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն։
­Թող մեր բո­լո­րին հա­մախմբ­ման վայ­րը դառ­նան ­Կի­րա­կի, 23 Ապ­րի­լին եւ Եր­կու­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2023-ին նա­խա­տե­սո­ւած ե­լոյթ­նե­րու վայ­րե­րը՝ Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խումբ