­Չո­րեք­շաբ­թի, 5 ­Փետ­րո­ւար 2025-ի կէ­սօ­րին, ­Կիպ­րո­սի ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սա­կան փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս արք. Օ­հա­նեան եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­փո­ղի­կո­սու­թեան միա­բան ­Թոր­գոմ ար­քե­պիս­կո­պոս ­Տօ­նո­յեան այ­ցե­լե­ցին ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ռաջ­նոր­դա­րան եւ հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցան Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր ­Սուր­բին՝ ­Սա­հակ Ծ. վրդ. Ե­մի­շեա­նին կող­մէ:
­Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դը նախ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց սրբա­զան ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րուն եւ մեծ ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նեց ա­նոնց եղ­բայ­րա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տան:
­Կո­մի­տաս սրբա­զան իր հեր­թին կա­րե­ւո­րեց ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել ընդ­լայ­նու­մը, շեշ­տե­լով, որ մեր ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան­նե­րը պար­տին ա­ռա­ւել եւս մաս­նա­կից դառ­նալ մեր նոր սե­րուն­դի յու­նա­խօս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կեան­քէն ներս, որ­պէս­զի հո­գե­ւոր եւ հա­յե­ցի կրթու­թիւնն ու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ա­ւե­լի մատ­չե­լի, ըն­դու­նե­լի ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի հասկ­նա­լի դարձ­նեն ա­նոնց մօտ:
Իր կար­գին, ­Թոր­գոմ սրբա­զան, յա­նուն ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին, բարձր գնա­հա­տեց ­Հայր ­Սա­հա­կի ա­ռաջ­նոր­դա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ թե­մէն ներս կա­տա­րո­ւած ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, շեշ­տե­լով , որ ար­դա­րեւ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մը իր բո­լոր ծու­խե­րով, միա­ւոր­նե­րով, մար­մին­նե­րով եւ կեդ­րո­նով՝ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նով, ե­զա­կի տեղ ու անկրկ­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի յու­նա­հա­յոց կեան­քէն ներս:
­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը սի­րոյ սե­ղա­նով մը պա­տո­ւեց սրբա­զան ար­քե­պիս­կո­պոս­նե­րը: