Կնոջական իրաւունքներու ձեռքբերման յաղթանակի օրուան առիթով («Կնոջ օր» 8 Մարտ) Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր խրախճանք, որ տեղի ունեցաւ նոյն օրը՝ 8 Մարտի երեկոյեան ժամերուն, «Ալիմանիա» ճաշասրահին մէջ:
Ներկայ էին մեծ թիւով ընկերուհիներ, որոնք ընդառաջելով վարչութեան հրաւէրին՝ ուրախ տրամադրութեամբ քաջալերելով միջոցառման նախաձեռնութիւնը, խանդավառութեամբ տօնեցին կնոջական իրաւունքներու ձեռքբերման յաղթանակին նուիրուած օրը:
Նշենք, թէ 8 Մարտը խորհրդանշական թուական մըն է. նուիրուած է յիշելու համար այն անդուլ պայքարը, որ իգական սեռը մղեց 20-րդ դարու սկիզբներէն եւ յաջողեցաւ տիրանալ այրերու հաւասար իրաւունքներուն թէ՛ աշխատանքի, թէ քաղաքական ու ընկերային այլ մարզերու մէջ…:
Վարչական ընկերուհիները սրահի մուտքին յաղթականի ժպիտներով եւ վարդերով կը դիմաւորէին ժամանողները:
Ատենապետուհիին՝ ընկերուհի Ալմաստին բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, երեկոն սահեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, նուագախումբի հնչեցուցած հին ու նոր երգերու խանդավառ կշռոյթով:
Վարձքը կատար բոլորին:
Զարմինէ