Բաւական մեծ ուշացումով տեղեկացանք յունահայութեան համար ծանօթ անձնաւորութեան մը՝ Այտա Լազեան-Մահլուֆի մահը, որ պատահեցաւ մօտ չորս ամիս առաջ Աթէնքի մէջ, 97 տարեկանին։
Այտա Լազեան-Մահլուֆ դուստրն էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ յունահայ գաղութի մեծ նուիրեալներէն, «Նոր Օր»-ի հիմնադիր, ազգային եւ հասարակական գործիչ Գաբրիէլ Լազեանի։ Ծնած էր 1924-ին՝ Աթէնքի մէջ եւ իր առաջին պատանեկան տարիները անցուցած էր Յունաստան, հետեւելով իր ծնողներու բազմաբեղուն գործունէութեան, գաղութի կազմաւորման առաջին տարիներուն։ 1939-ին, երբ Գաբրիէլ Լազեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Այտա իր ծնողքին հետ տեղափոխուեցաւ Գահիրէ, ուր մնաց մինչեւ իր հօր մահը (1959)։ Գահիրէի մէջ ամուսնացաւ եւ կազմեց ընտանիք։ Այնուհետեւ, իր ընտանիքին եւ մօր՝ Նաթալի Լազեանին հետ վերադարձաւ Աթէնք, ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը։
Նաթալի եւ Այտա Լազեաններ օրինակելի հաւատքով եղան «Ազատ Օր»-ի ընթերցողներ, որպէս շարունակութիւն 1923-ին Գաբրիէլ Լազեանի, Անտոն Կազէլի, Արամ Շիրինեանի եւ այլոց ջանքերով հիմնուած «Նոր Օր»ին, որու գոյատեւման հիմնական սիւններէն հանդիսացաւ նաեւ Նաթալին։ Այտա Լազեան-Մահլուֆ ունեցաւ երկու զաւակներ, որոնցմէ մէկը՝ Գաբրիէլ Մահլուֆ, 2019-էն ի վեր կը ղեկավարէ Իրլանտայի կեդրոնական դրամատունը, բարձր վարկ վայելելով եւրոպական եւ համաշխարհային դրամատնային համակարգին մէջ։
2020-ի վերջին ամիսներուն մեր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, Այտան կը գանգատէր, որ իր տկարացած տեսողութեան պատճառով ի վիճակի չէր այլեւս «Ազատ Օր»ը կարդալ։
Դժբախտաբար, Այտա Լազեանի մահուան լուրը ուշացումով հասաւ մեզի եւ կարելի չեղաւ օրին ներկայ գտնուիլ իր յուղարկաւորութեան ու տուրք մատուցել իր յիշատակին։