­Լոյս տե­սաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի նոր թիւը

0
65

Ըն­թեր­ցող­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ է ար­դէն յու­նա­լե­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի Օ­գոս­տոս 2025-­Յու­նո­ւար 2026 թի­ւը, ինչ­պէս միշտ՝ բազ­մա­զան եւ հե­տաքրք­րա­կան նիւ­թե­րով։ ­Սու­րէն ­Սար­գի­սեա­նի եւ ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նի քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րուն շար­քին, ու­շագ­րաւ է նաեւ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց մաս­նա­գէտ ­Ճորճ ­Մէ­նե­շեա­նի վեր­լու­ծու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն մա­սին։ ­Տեղ գտած է նաեւ հար­ցազ­րոյց մը Կ­րե­տէի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր տե­սուչ Եզ­նիկ արք. ­Պետ­րո­սեա­նի հետ։ ­Հե­տաքրքրա­կան նկա­րագ­րում մը ­Սու­րիոյ հա­րա­ւա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յե­րուն մա­սին, ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ կը բե­րէ յու­նա­հա­յու­թեան հա­մար նո­ւազ ծա­նօթ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու կեան­քը։ Հ.Գ.­Խա­չի ­Խալ­քի­տի­քիի ա­մա­ռա­նո­ցին մա­սին ա­պա­գայ ծրագ­րում­նե­րը եւս կը ներ­կա­յա­ցո­ւին պար­բե­րա­թեր­թի է­ջե­րէն, յոյս ներշնչե­լով, թէ մօտ ա­պա­գա­յին բա­նա­կա­վայ­րը դար­ձեալ պի­տի ըն­դու­նի հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։
­Ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ճո­խա­ցած է հար­ցազ­րոյց­նե­րով, պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ­նե­րով, գա­ղու­թա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան նո­րու­թիւն­նե­րով, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի զա­նա­զան հա­յա­գա­ղութ­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցած ծրա­գիր­նե­րով ու նո­ւա­ճում­նե­րով, ո­րոնք ըն­թեր­ցո­ղին կը հրամ­ցո­ւին պատ­կե­րա­զարդ է­ջադ­րու­մով եւ ճոխ բո­վան­դա­կու­թեամբ։ ­Թեր­թիս յու­նա­րէն բա­ժի­նին մէջ կը հրա­տա­րա­կենք պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կա­նը։