Ընթերցողներու տրամադրութեան տակ արդէն կը գտնուի յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթի Մայիս-Յուլիս 2025-ի նոր թիւը։ Այս անգամ եւս պարբերաթերթը կը ներկայանայ ճոխ բովանդակութեամբ եւ ազգային, քաղաքական ու պատմական այլազան նիւթերու տարողութեամբ։
Խմբագրականի տողերուն մէջ արձագանգ գտած է Ուաշինկթընի մէջ կնքուած եռակողմ նախապայմանագրի ստորագրութիւնը՝ «յո՞յս, կա՞մ խաբկանք» խորագիրով, ուր քննարկման կ՚ենթարկուի Հայաստանի իշխանութեան կողմէ արտայայտուած լաւատեսութիւնը, եւ հարցականներու շարքով մը փորձ կ՚ըլլայ իրատեսական հիմերու վրայ տեսնել տարածաշրջանէն ներս փխրուն խաղաղութեան հաստատումը։ Նոյն նիւթով ընթերցողին կը հրամցուին քաղաքական վերլուծութիւններ։
«Հայաստան համահայկական հիմնադրամի» մասին հարցազրոյց մը կը վերաբերի կառոյցի ծրագիրներուն մասին։ Այլ հարցազրոյցներ եւս կու գան ճոխացնելու տեղեկատուական բաժինները եւ շահեկան նիւթերը:
Հետաքրքրական է Նուպարեան գրադարանին մասին ակնարկը եւ Մալեսիոյ հայութեան շուրջ պատմական նշումները։ «Յուշամատեան» կայքէջի վկայութիւններու շարքին, տեղ տրուած է Հենրիկ Պետոյեանի կեանքին ու ոդիսականին մասին։ Յատուկ անդրադարձ կ՚ըլլայ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի գործակցութեամբ հանրածանօթ «Η Μηχανή του Χρόνου» տեսանիւթերու շարքին՝ նուիրուած Հայոց ցեգասպանութեան։
Տարբեր նիւթերով եւ հարուստ բովանդակութեամբ հայկական պատմական նշումները կը գրաւեն ընթերցողի ուշադրութիւնը։ Նաեւ արձագանգ գտած են գաղութային կարեւոր իրագործումներ ու ելոյթներ, մարզական լուրեր, հայրենի եւ սփիւռքեան անդրադարձերու ստուար պարունակութիւն մը։
Նոր թիւը ստանալու համար կարելի է դիմել պարբերաթերթի խմբագրութեան կամ «Ազատ Օր»-ի գրասենեակը։










