ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Վաղը, Շաբաթ, 28 Փետրուարին, Զաւարեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրային բազմաձայն զրոյց՝ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին առիթով:
Որքան գիտեմ, առաջին անգամն է, որ այսպէս, կուսակցութիւնը կը հրաւիրէ հանրութիւնը, որպէսզի իրազեկուի ան իր ծաւալած ներկայի գործունէութեան, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ապագայի առաջադրանքներուն, իսկ հանրութիւնը, այսինքն ազգայիններ անոնց մասին առիթ ունենան ՝ բաց ու անկեղծ զրոյցի ճամբով իրենց տեսակէտները կամ ակնկալիքները յայտնելու:
Հանրային զրոյցի վաղուան երեկոյթը թերեւս նորութիւն մը համարուի իր ձեւին մէջ, բայց ըստ էութեան այդպիսին չէ եւ այդպիսին չէ եղած երբեւէ, քանի որ կուսակցութեան անդամները ազգային ու համայնքային ծառայութեան մէջ ըլլալով, միշտ ականջալուր եղած են ազգայիններու տեսակէտներուն եւ ակնկալիքներուն, զանոնք համադրած են, բիւրեղացուցած են եւ յստակ բանաձեւումներով իբրեւ քննելի հարցեր դրած են կուսակցութեան ժողովական օրակարգի սեղանին:
Իսկապէս. չկայ համայնքային-գաղութային որեւէ հարց կամ ազգային-հայրենական մեծ ու փոքր որեւէ խնդիր, որ քննարկման ենթակայ դարձած եւ համապատասխան լուծումի յանգած չըլլայ կուսակցական ժողովներու մէջ:
Իսկ դժուարութիւններու պարագային ու անոնց յաղթահարման համար գործող մարմինները երբեք չեն զլացած իրենց կարելին:
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին համար շնչող կուակցութեան համար: Ի զուր չէ ըսուած արդէն, թէ Դաշնակցութիւն եւ հայ ժողովուրդ «միսը՝ միսէն, ոսկորը՝ ոսկորէն» է…:
Հայկական կեանքին քիչ-շատ հետեւող ամէն ազգային գիտէ այս ճշմարտութիւնը: Գիտէ նոյնպէս, որ Դաշնակցութեան 135 տարիներու պատմութիւնը սերտօրէն շաղախուած է հայոց պատմութեան հետ եւ շատ պարագաներու ստանձնած է ան՝ զայն առաջնորդողի դերակատարութիւնը:
Անկախ վերի ըսուածներէն, գիտենք եւ կրկին արձանագրենք, որ Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմի յաղթական յառաջընթացի բովին մէջ՝ Հայաստանի վերանկախացումով եւ ազգային պետականութեան վերականգնումով ողջ հայութիւնը հպարտութեամբ համակուեցաւ եւ ապագայի վառ յոյսերով պարուրուեցաւ:
Սակայն խոստովանինք նաեւ, որ առաջին յուսավառ քանի մը տարիներէ վերջ, քաղաքական այրերու իշխանատենչութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը, կաշառակերութիւնն ու պաշտօններու չարաշահումը մեր հայրենիքն ու հայրենաբնակ ժողովուրդը նետեցին ներքին ու թէժ գալարումներու մէջ, որոնք հետզհետէ սաստկանալով հայութիւնը ներկայիս հասցուցած են տեղ մը, ուր ոչ 44-օրեայ անփառունակ պարտութիւնը, ոչ Արցախի կորուստն ու հայաթափումը եւ ոչ ալ թշնամիին շարունակուող սպառնալիքները սթափումի եւ զգաստացման խթան կը հանդիսանան ազգին ու ազգի քաղաքական ղեկավարութեան համար: Չէին բաւեր մեր գլխուն եկած փորձանքները, աւելցաւ նաեւ իշխանութիւն-կաթողիկոս լարուած պարանաձգութիւնը այն աստիճանի, որ քրէական գործ յերիւրուի կաթողիկոսի անձին դէմ…:
Ներկայիս, մեր հայրենիքը ներքին գալարումներու մէջ է՝ անհաշտ պայքարներու եւ բախտախնդրական քաղաքական ուղեգծերու պատճառով: Այնպէս կը թուի, թէ աննախատեսելի հետեւանքներով յղի այժմու կացութիւնը համազգային ներուժով դիմագրաւելու եւ երկխօսութեամբ միասնական ռազմավարութեան մը շուրջ համաձայնելու հնարաւորութեանը մասին մտածող իսկ չկայ, ինչ որ, ենթադրելի է, թէ մեծ չափերով պատճառ է, որ սփիւռքը իյնայ յուսաբեկութեան, անտարբերութեան եւ անհոգութեան գիրկը:
Դժբախտութիւն է նաեւ, որ հայկական հորիզոնի վրայ չ՚երեւիր հեղինակութիւն(ներ) մը, որ հրապարակ գայ ու սթափեցնէ ազգը:
Այս պայմաններու տակ, գէթ կուսակցականներուս, ինչպէս նաեւ մեզի համակիր հետեւորդներուն համար յուսատու կը մնայ Դաշնակցութիւնը, որ հայրենական եւ սփիւռքեան աշխարհատարած իր ցանցով ու կազմակերպական ներուժով թերեւս կարենայ համախմբել անհաշտ կողմերը եւ բեկում յառաջացնել մեր ազգի ներկայի մեղմ բառով՝ «անմխիթար» կացութեան մէջ: Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն, Քրիստափորէն սկսեալ միշտ եղած է համախմբող:
Ահա թէ ինչու Կեդր. կոմիտէն ուզած է զրոյցի ձեւ ու բովանդակութիւն տալ Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադրութեան 135-ամեակի նշումին, որպէսզի ազգայիններ քով-քովի գան «Զաւարեան» կեդրոնի սրահին մէջ եւ իրենց տեսակէտներն ու ակնկալիքները յայտնեն այն յոյսով, որ գէթ սփիւռքի այս փոքր հատուածը՝ յունահայ համայնքը կը թօթափէ քիչ մը շուարած վիճակը եւ կը վերադառնայ իր աշխուժութեան:
Ուրեմն, Շաբաթ, 28 Փետրուարի երեկոյ, ժամը 7-ին, բոլորիս ժամադրավայրն է Զաւարեան կեդրոնը:
Աթէնք, 27-2-26










