Փետրուարի 25ին` ժամը 03:00ի եւ 04:00ի միջեւ, սահմանագիծի հարաւ-արեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնայ) ուղղութիւններով՝ թշնամին, օգտագործելով ականազերծման «Տրոպա» տիպի զինամթերք, ձեռնարկած է հետախուզական յարձակման փորձերու:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` Պ.Բ. յառաջաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններով ալ ժամանակին նկատած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զանոնք իրենց ելման դիրքերը: Բանակի յառաջապահ ուժերու հակահարուած գործողութեան արդիւնքով՝ թշնամին տուած է առնուազն երկու զոհեր, որոնց մարմինները կը գտնուին չէզոք գօտիին մէջ: Պ.Բ.ն կորուստներ չէ ունեցած:
Աւելցնենք նաեւ, որ ատրպէյճանական յարձակման գործողութիւնները հետեւանք են վերջին շրջանին հակառակորդ երկրի քարոզչամեքենային կողմէ առաջնագիծին վրայ իբր թէ արցախեան ուժերու յարձակումին վերաբերեալ անընդհատ տարածուող ապատեղեկատուութեան, որով ալ թշնամին հող նախապատրաստած է իր հետագայ սադրանքներուն համար:
Բացի յարձակման փորձերէն, Փետրուար 24ին եւ լոյս 25ի գիշերը արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը, ականանետներէ, հրանօթներէ, նռնականետներէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձիգային զինատեսակներէ խախտած է զինադադարը ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 860 կրակոց: Յատկապէս բուռն խախտումներ արձանագրուած են շփման գիծի արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն մէջ հակառակորդը 60, 82 ու 120 միլիմեթրնոց ականանետերու եւ Դ-44 տիպի հրանօթներու կիրառմամբ, ընդհանուր առմամբ, արձակած է 169 արկ:
Պ.Բ. համապատասխան կառոյցներու կողմէ տրամադրուած հաւաստի տուեալներուն համաձայն` արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած է թշնամիի կենդանի ուժի եւ զինատեսակներու տեղաշարժեր:
Պ.Բ. յառաջապահ զօրամասերը սահմանգիծի ամբողջ երկայնքով անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան եւ պատրաստ են հակառակորդին որեւէ սադրանքին տալու արժանի պատասխան: