Այսու ուրախութեամբ եւ հոգեւոր ցնծութեամբ կը յայտնենք, թէ պիտի նշուի Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 123-ամեակը։
Նշանակալից տօնին առիթով, ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ մատաղօրհնէք, որ պիտի մատուցէ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Հոգեւոր այս տօնախմբութիւնը գեղեցիկ առիթ մըն է վերարժեւորելու մեր եկեղեցւոյ 123-ամեայ պատմութիւնը, անոր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ հայ համայնքի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերը։
Կը հրաւիրենք Թեսաղոնիկէի եւ շրջակայքի մեր բոլոր հայրենակիցներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը՝ ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ միասին նշելու մեր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ










