Ընկ. Գրիգոր Էրջէնեանի մահուան առիթով

0
325

Ընկ. Գրիգոր Էրջէնեանի մահուան առիթով ցաւակցական գիրեր ուղարկեցին իր ընտանիքին եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին՝ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեան եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն։
Դամբանական խօսքը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կ. ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որը կը հրատարակենք ստորեւ։

Դամբանական ընկեր Գոգօ Էրջէնեանի յուղարկաւորութեան
Հինգշաբթի 11 Օգոստոս 2022.
Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցի

Ընկեր Գրիգոր Էրջէնեանի, մեր սիրելի ընկեր Գոգոյին վերջին հրաժեշտը կուտանք այս պահուն։ Մեր փորձառու, ծառայասէր ու պատրաստակամ ընկերոջ, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց հայութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդմէջէն։

Մեր գաղութին եւ մեր կուսակցութեան համար անդառնալի կորուստ մըն է իր մահը, որու հետեւանքներուն հետ պարտինք հաշտուիլ ասկէ ետք։ Անհաւատալի է մտածել, թէ ան ներկայ պիտի չըլլայ մեր ժողովներուն, ան պիտի չառաջնորդէ մեր գործունէութիւնն ու քաղաքականութիւնը։

Որովհետեւ ընկեր Գոգոյի ներկայութիւնը մեր կողքին՝ գաղափարական ամրութեան, սկզբունքայնութեան, պայքարունակ ոգիի դրսեւրումն էր, որով սորվեցանք առաջնորդուիլ բոլորս։

Եթէ միայն մէկ նախադասութեամբ ուզէինք նկարագրել իր եզակի անձնաւորութիւնն ու կուսակցութեան մէջ ներդրումը, վստահաբար իր քաղաքական մտածելակերպի եւ քաղաքական հասունութեան մասին խօսքը պիտի ըլլար։ Որովհետեւ ինքն էր, կուսակցական այլ ընկերներու փոքրաթիւ խումբի մը հետ, որ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան քաղաքական կազմաւորման տարիներուն ընթացքին, հասուն քաղաքական կեցուածք պարտադրեցին երիտասարդականի մեր գործունէութեան, հայկական եւ յունական դաշտին մէջ կենսագործելով ընդհանուր քաղաքական ուղղուածութիւնն ու բնոյթը։ Նոյն այս մթնոլորտն էր մեր ժողովներուն ընթացքին, որ բուռն վիճաբանութիւններու առիթ կուտար յաճախ։ Այն էր որ խորացուց քաղաքական միտքի զարգացումը եւ քննական մտածելակերպը մեր մօտ։ Ընկերներու այդ խումբը սկիզբը դրաւ հրատարակչական աշխատանքի ալ, լոյս ընծայելով «Արմենիքա Թեմաթա» յունալեզու պարբերականը եւ Հայ Դատի հարցերը հրամցնելով յոյն հանրութեան։

Մամուլի եւ քարոզչութեան հանդէպ նոյն զգայնութիւնն ու գիտակցութիւնը պահեց ընկ. Գոգոն նաեւ «Ազատ Օր» օրաթերթի անհրաժեշտութեան ու տարածման առընչութեամբ։

Ընկեր Գոգոն յատկանշուեցաւ գաղափարական ամուր կառչածութեամբ եւ կազմակերպական սկզբունքայնութեամբ։ Հասկնալով հանդերձ մարդկային տկարութիւնները, ան համոզուած էր պայքարի ոգիի արդիւնքին մասին, որ երբ դժուար կացութիւններու առջեւ մարդուս կը վհատեցնեն ու կը հիասթափեցնեն, լուծումը կուգայ միայն սկզբունքային ամուր ու յամառ պայքարին ճամբով։ «Պիտի պայքարիս, որքան ալ գիտնաս որ դժուար է։ Յոյսդ պիտի չկորսնցնես, այլ յաւելեալ յամառութեամբ պիտի պայքարիս» կ՚ըսէր ան։

Իսկ ինք՝ այդպէս էր թէ մեր ժողովներուն ընթացքին, թէ դաշնակցական կամ ազգային իր բոլոր գործերուն մէջ։

Ան խորապէս հաւատաց մեր կուսակցական ու գաղութային կառոյցներու գործունէութեան կարեւորութեան եւ անոնց միջոցաւ տարուող կազմակերպական գործին ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի, ի շահ հայութեան։ Իր ստանձնած պաշտօններուն ընդմէջէն, գործակցեցաւ շատերու հետ։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի որպէս ներկայացուցիչ կամ անդամ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ կամ անդամ, Հ.Յ.Դ. Կոմիտէներու, Ազգային Վարչութեան Տնտեսական եւ Ուսումնական յանձնախումբերուն մէջ կարեւոր ներդրումով, ապա նաեւ գաղութի անդամներու կամ կուսակցական ընկերներու մտերմութեան մէջ, ան ամբողջութեամբ տէր կանգնեցաւ դաշնակցականի իր երդումին, հանդիսանալով նուիրումի վառ օրինակ։ Իսկ երբ կացութիւնները կը բարդանային, կամ ընկերական վիճաբանութիւններու շեշտը կ’աւելնար, յանկարծ ան՝ իւրայատուկ հիւմորի զգացումով, դրական «եներկիա» կը հաղորդէր շրջապատին։ Իր սուր միտքը հիւմորի անզուգական դրսեւորումներ ունեցած է, գէթ՝ ոչ շատ լայն շրջանակներուն մէջ։

Այնուամենայնիւ, զինք ճնշող ու տագնապեցնող բազմաթիւ հարցերը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի իրավիճակները, երբեք չկարողացան ճնշել իր հոգեկան եւ էնէրգետիկ հզօր պաշարներուն վրայ, որովհետեւ ան լաւ կը գիտակցէր թէ մէկ էր թիրախը։ Հայութեան ուժի ամբողջական ճառագայթումը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հաւատարիմ զինուորի հանգամանքով, ան այս ուղղութեամբ ամէն օր կը վերանորոգէր իր ուխտը՝ ընդմիշտ եւ նուիրաբար ծառայելով որեւէ պաշտօնէ, եւ շատ շատ անգամներ գերադասելով հաւաքականը անձնականին։ Աւելիով…

Այս պահուս, պատրաստ ենք հրաժեշտ տալու իրեն։ Բաժնուելու մեր հաւատաւոր, գաղափարապաշտ, վաստակաւոր ընկեր Գոգոյէն։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքի անդամներուն՝ Ալենուշին, Ռազմիկին, Նանօրին, Սոնային ու Շահանին եւ բոլոր հարազատներուն, որոնք ծառայութեան նոյն ճամբէն կ’ուղղուին, օրինակելի նուիրումով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան եւ Հ.Յ.Դ. բոլոր Կոմիտէներու ու գաղափարի ընկերներուն, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի  ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններուն եւ յունահայութեան անունով խորին ցաւակցութիւններ կը փոխանցենք ընկ.Գոգոյի ընտանիքի անդամներուն, մօտիկ ու հեռաւոր ընկերներուն։
Յիշատակը վառ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ։