Ամէն տարուան նման, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնը յատուկ շուքով նշուեցաւ Աթէնքի մէջ։ Կազմակերպութեամբ Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանատան, անկախութեան 35-ամեակի տօնակատարութիւնն ու ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաթի, 29 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Աթէնքի Բիւզանդական թանգարանի բացօդեայ հանդիսավայրին մէջ։
Այս տարի եւս ընդունելութիւնը յատկանշուեաւ մեծ թիւով քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի ազգային, կրօնական եւ կազմակերպական կառոյցներու ներկայութեամբ։
Այս տարի, պատուոյ հիւրն ու գլխաւոր խօսողն էր Յունաստանի Կրթութեան եւ Կրօնից նախարար Սոֆիա Զախարաքի։
Թանգարանի մուտքին, դեսպան Տիգրան Մկրտչեան եւ իր տիկինը, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան դիւանագիտական կազմը բարի գալստեան ընդունելութիւն կատարեցին, ընդունելով շնորհաւորութիւնները ժամանող հիւրերուն։ Անոնց մէջ էին կառավարութեան փոխնախարարներ, խորհրդարանի երեսփոխաններ, Յունաստանի զինեալ ուժերու բարձրաստիճան սպաներ, դեսպաններ, հիւպատոսներ եւ ռազմական կցորդներ։ Հայկական կողմէն ներկայ եղան Առաջնորդ Սրբազան հայրը, հոգեւոր դասը, Ազգային վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէն, «Ազատ Օր»-ը, միութիւնները, նաեւ գաղութի հասարակական կառոյցներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անայիս Աքսարէլեան, որ հրաւիրեց «Արարատ» մարզ. եւ մշակ. միութեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Կարինէ Մարգարեանի, երգելու հայկական եւ յունական ոգերգները։
Յատուկ ուղերձով մը, Հ.Հ. դեսպանը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեայ անկախ երթին, նշելով բոլոր նուաճումները, այլեւ ծանր օրերը, որոնք դիմագրաւեց հայրենի պետութիւնը։ Ան յատուկ անդրադարձ կատարեց հայ-յունական բարեկամութեան ու գործակցութեան վրայ, թուելով հնամեայ դարերէն եկող պատմական կապը, որ բացի քաղաքակրթութիւններու հանդիպման առիթէն, այսօր դարձած է բազմակողմանի գործակցութեան միջավայր մը։ Դեսպանը զատ նշումներով վերլուծեց քաղաքական, տնտեսական, պաշտպանական, մշակութային, կրթական եւ գիտական ոլորտներուն մէջ ստեղծուած համագործակցութիւնը, շեշտելով, որ գոյութիւն ունին նախադրեալները եւ քաղաքական կամքը, զանոնք աւելի ամրապնդելու, սերտացնելով երկու ժողովուրդներու աւանդական կապերը։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ Յունաստանի վարչապետը պաշտօնապէս հրաւիրուած է Հայաստան։ Նաեւ, Տիգրան Մկրտչեան յատուկ նշում կատարեց յունահայ գաղութի բազմամեայ ներկայութեան եւ անոր կարեւոր ներդրումին հայ-յունական կապերու ամրապնդման մէջ, որպէս դերակատարութիւն ունեցող կազմակերպուած հաւաքականութիւն։
Օրուան պատուոյ հիւրը, Կրթութեան եւ Կրօնից նախարարը, իր խօսքին մէջ պատիւ ընծայեց Հ.Հ. անկախութեան տարեդարձին։ Ան ընդլայնեց իր մտածումները, տալով շրջագիծը հայ-յունական կապերուն, հնադարէն մինչեւ այսօր։ Նախարարը կարեւորութեամբ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ 1996-ին, ինչպէս նաեւ փոխադարձ ճանաչումը Յոյներու եւ Ասորիներու ցեղասպանութեանց՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ։
Նաեւ, տիկ. Զախարաքի շրջագիծի մէջ առաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կրթական ու գիտական զարգացման ընթացքն եւ համաձայնուած ծրագիրները, ապա նաեւ անդրադարձ կատարեց Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու հայ ուսուցչական կազմի ապահովման ծրագիրին։ Նախարարին խօսքերը ընդունուեցան ջերմութեամբ եւ յատկանշեցին օրուան խորհուրդին մէջ հայ-յունական սերտ կապերու պատկերը։
Երեկոյի գեղարուեստական յայտագիրը երգի ու գոյնի այլազանութիւն մըն էր, որ հմայեց բոլոր հանդիսատեսները։ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած էր Վահագն Հայրապետեանի ճազ երաժշտութեան քառեակը, որ հրամցուց հայկական ծանօթ մեղեդիներ ճազ նուագներու հնչիւնին տակ։ Օտար ներկաները առիթը ունեցան վայելելու տաղանդաշատ նուագախումբը եւ ըմբոշխնելու Կոմիտասի, Խաչատուրեանի ու հայկական աւանդական երաժշտութեան մատուցումը ճազի իւրայատուկ ձայներով։
Հայկական եռագոյնի երանգաւորումներուն եւ բեմի լուսաւորումներուն ընդմէջէն, հայոց բարձրաւանդակի երաժշտական հարստութիւնը արժանաւորապէս գնահատուեցաւ՝ շնորհիւ արհեստավարժ երաժիշտներու մոգական ներկայացման։ Երեկոն շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ ու մտերմիկ զրոյցներու առիթով, հայկական համեղ ճաշերու եւ ըմպելիներու մատուցումով, որոնք տրամադրուած էին տեղական հայկական ձեռնարկութիւններու կողմէ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ընդունելութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 35-ամեակին առիթով










