Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան
Հրեայ ժողովուրդը խոր հաւատքն ունի, թէ ան Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է։ Առաւել եւս ան կը հաւատայ, թէ իր հայրենիքի՝ Հրէաստանի իսկական տարածութիւնը ներկայի հողամասը չէ։ Հրէաստանի դրացի քանի մը արաբական երկիրներու հողամասերէն բաժիններ իրեն կը պատկանին, որպէս երկնային խոստում կամ պարգեւ։ Միւս կողմէն, արդէն ան պատերազմի ճամբով բռնագրաւած է դրացի հինգ արաբական երկիրներու հողամասերէն բաժիններ։ Բայց խոստացուածը աւելի մեծ էր։ Եւ այսպէս, ան կառչած մնալով իր հաւատքին, մինչեւ օրս բռնի ձեւով կը փորձէ տէր դառնալ երկնային իր պարգեւին։ Ու այդ ճամբուն վրայ, անոր կողմէ հազարաւոր արաբներու սպաննումը, գերեւարումը, քաղաքներու եւ գիւղերու կործանումը ոչ մէկ մտահոգութիւն կը պատճառեն իրեն եւ մարդկային իրաւունք ու ժողովրդավարութիւն քարոզող պետութիւններուն։
Միւս կողմէ, աշխարհն ու տնտեսութիւնը արդէն իր տիրապետութեան տակն են։
Անշուշտ սոյն անդրադարձին նպատակը հրեաները գովել չէ։ Այլ անդրադառնալ անոնց ներքին իւրայատուկ կազմակերպչական իրավիճակին եւ բաղդատական մը կատարել։
Հայ ժողովուրդը եւս Աստուծոյ ժողովուրդն է։ Պատմութեան մէջ, ան առաջին ժողովուրդն է, որ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօնք։ Հայ ժողովուրդը հաւատքի ժողովուրդ է։ Եւ այդ հաւատքը դարեր շարունակ ան ամուր պահեց մեծամեծ զոհողութիւններով։ Հայ եկեղեցին ու եկեղեցականը, ժողովուրդի հոգեւոր սնունդին կողքին մեծ ներդրում ունեցան ազգային, մշակութային ու ընկերային մարզերէն ներս եւս։ Հայը սակայն, հրեային նման հողամասերու երկնային խոստումներ չունեցաւ։ Ընդհակառակը, իր ունեցածն անգամ մեծ մասամբ կորսնցուց, թուրքին բռնութեան տակ։ Եւ մարդկային իրաւունք ու ժողովրդավարութիւն քարոզող պետութիւնները միշտ լուռ մնացին ծանօթ պատճառներով։
Հաւատքին կողքին, հրեաները թունդ հայրենամոլ ժողովուրդ մըն են։ Հրէաստանէն ներս կամ սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հրեային համար, հայրենի հողը սուրբ հող է։ Որովհետեւ ըստ Սուրբ Գիրքին, Աստուած իրենց ազատագրեց եգիպտացիներու գերութենէն ու առաջնորդեց զիրենք դէպի այն հողը, ուր իրենց համար ընտրած էր որպէս հայրենիք։ Ու այդ հաւատքին մեծ քարոզչութիւնն ու արդիւնքը, շատ յստակ կերպով կը տեսնենք իրենց անհատական, ազգային ու հոգեւոր կեանքէն ներս։
Հրէաստանի քաղաքական կեանքէն ներս, կուսակցութիւններ իրար դէմ ժողովրդավար ձեւով սուր պայքար կը մղեն, որպէսզի ընտրութեան ճամբով կառավարութիւնը շահին։ Այդ իրարանցումին մէջ սակայն, եթէ օտար պետութիւն մը կամ ուժ մը, իրենց հողին վրայ ոտք դնելու կամ իրենց վնաս հասցնելու նուազագոյն փորձը կատարէ, քաղաքական այդ ամբողջ ուժերը, միասնական մէկ ու հզօր բռունցքի կը վերածուին եւ իրենց հայրենիքը կը պաշտպանեն։ Մէկ կողմ կը դնեն իրենց ներքին տարբերութիւնները եւ կը նետուին ճակատ։ Միեւնոյն ատեն, զօրաշարժի կ’ենթարկուի նաեւ ամբողջ հրեայ սփիւռքը եւ ի նպաստ իրենց շահերուն, կը զբաղեցնեն նաեւ տեղւոյն պետութիւնները։
Հաւատքին կողքին, հայերը եւս իրենց կարգին հայրենասէր են։ Իրենց համար հայրենիքը թանկագին է։ Հակառակ այս ըմբռնումին եւ քարոզչութեան, հայոց պատմութեան մէջ դժբախտաբար արձանագրուած են բաւականաչափ տխուր դէպքեր ու դաւաճան դէմքեր, որոնք մեծ վնասներ հասցուցին հայրենիքին։ Արշակ թագաւորի օրերէն մինչեւ օրս, ներքին անհամաձայնութիւնները, իրար դէմ պայքարները եւ դաւադրութիւնները, հայրենիքը ներքնապէս ու արտաքնապէս տկարացուցին։
Ժամանակներ ետք, սփիւռքի հայերուն պատմութիւնը եւս նմանեցաւ անցեալին։ Հայրենասիրական միեւնոյն նպատակին համար ծառայող ու պայքարող խմբաւորումները, իրար հետ գրեթէ համաձայն չգտնուեցան ու սերտ գործակցութիւն չունեցան։ Ընդհակառակը, իրար դէմ ընդհանրապէս պայքարեցան ու իրար վնաս հասցուցին։ Օտար ափերու վրայ ձուլման ու կորուստի լուրջ վտանգին դիմաց հայեր, փոխանակ միասնական ճակատ կազմելու, ներքին հզօր միջնաբերդ մը կառուցելու, իւրաքանչիւրը իր միջնաբերդը կառուցեց եւ անցեալի պատմութեան նման, մէկը միւսին միջնաբերդը սկսաւ հարուածել ու վնաս հասցնել։ Ներսի ու դուրսի բոլոր հայերը կ’ուզեն Արարատը ազատագրել։ Բայց առանձին։
Ժամանակներ ետք, Հայաստանի վերանկախացումը ուրախութիւն ու հպարտութիւն պատճառեց հայերուն։ Այդ ժամանակին եւս, երկրի ներքին քաղաքական պատկերը նմանեցաւ անցեալի պատմութեան։ Այդ փոքր տարածութեամբ եւ փոքր թիւով բնակչութեամբ հայրենիքին մէջ, տասնեակ քաղաքական խմբակցութիւններ իրար դէմ պայքարեցան, իրար հետ թշնամացան, իրար վնասեցին, ի սպաս մեծերու գրպաններուն եւ ոչ հայրենիքին։ Փոխանակ միասնականութեան, ամէն մէկը հրապարակ մը գրաւելով ժողովուրդը իրարմէ բաժնեց։ Եւ հայրենիքին փոխարէն, մարդոց միտքը կեդրոնացուց քաղաքական ու եկեղեցական անձնաւորութեանց շուրջ։
Եւ այս բոլոր յուսախաբութեանց վրայ, աւելցաւ մեծ ու ցաւալի աղէտ մը եւս, երբ հայ ժողովուրդի թշնամին նոր պատերազմ մը հռչակեց Արցախի դէմ։ Եւ հոն, մինչ ճակատին վրայ հայ երիտասարդ զինուորը հերոսական պայքար կը մղէր, արիւն կը թափէր, հայկական քաղաքական խմբակցութիւնները, ներառեալ եկեղեցականներ, փոխանակ իրար միանալու, մէկ բռունցք կազմելու, ճակատի զինուորին հասնելու, երկրի հրապարակներուն վրայ իրար դէմ ցոյցեր կազմակերպեցին, պետական կառոյցներէն ներս խուժելով աւեր գործեցին եւ իրար հանդէպ թշնամանք տարածեցին։ Արցախի հողերը գացին, բայց ներքին պառակտուած կացութիւնը մնաց։
Կ’երեւայ թէ հայ ժողովուրդին մօտ հայրենասիրութիւնը, ապրումէ ու զգացումէ զուրկ պարզ բառ մըն է։ Արդեօք ա՞ն եւս հրեային նման հայրենամոլութեան ոգիին կարիքը ունի։
Հրեայ ժողովուրդը եւս, այլ ժողովուրդներու նման ունի իր սփիւռքը, որը ենթակայ է ձուլման վտանգին։ Ի տարբերութիւն այլ ժողովուրդներուն, ան յաջողեցաւ գոյատեւման մարտահրաւէրներուն յաղթահարել հայրենամոլութեան, հաւատքի ու միասնականութեան ոգին սրսկելով հրեայ երակին մէջ։ Օտար ափերու վրայ անոնք իրար փնտռեցին ու իրարու վստահեցան։ Իրար հետ աշխատեցան ու մեծցան։ Այսպիսով առեւտուրը, շահն ու յաջողութիւնը իրենց մէջ պահեցին։ Իրար օգնելով, միասնականութիւնն ու պատկանելիութիւնը ամուր պահեցին։
Սփիւռքի մէջ, հոն ուր երկու կամ աւելի հրեաներ կ’ապրին, իրար կը միանան ու տնտեսական, ընկերային, ազգային, հոգեւոր եւ քաղաքական հզօր ուժ մը կը կազմեն։ Հոն ուր երկու կամ աւելի հրեաներ կ’ապրին, այդտեղ մէկ Հրէաստան կը կառուցեն։
Հայ ժողովուրդը եւս, այլ ժողովուրդներու նման ունի իր սփիւռքը, որը ենթակայ է ձուլման վտանգին։ Տարբերութիւնը սակայն հայ ժողովուրդին այն է, որ սփիւռքի մէջ երբ երկու հայեր քով-քովի կու գան, միասնութեան փոխարէն երկուութիւն մը կը ստեղծեն։ Իրար չընդունելու ու չհանդուրժելու հոգեբանութիւնը, առաւել եւս իրար հետ չգործակցելու աւանդական տրամադրութիւնը, ինքնին հեռաւորութիւն մը կը ստեղծէ եւ գոյապայքարի ուժը կը տկարացնէ։ Եւ պատահած է, որ մէկ քաղաքի մէջ ապրող հայեր կամ խմբակցութիւններ, կառուցած են իրարմէ անջատ Հայաստաններ։
Պէտք է ըսել, որ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին ժողովուրդներ, որոնք իրենց ետին ունին հզօր հայրենիք մը, որ զանազան միջոցներով զօրավիգ կը կանգնի արտերկրի իր զաւակներու գոյատեւման կարեւոր պայքարին։ Հայկական սփիւռքը սակայն, իր հայրենիքէն աջակցութեան, գործակցութեան, վստահութեան ու ոգեւորումի բաւարար հնարաւորութիւնը չունեցաւ։
Հայրենի պետութիւնը սփիւռքին մօտեցաւ միայն գանձանակի տրամաբանութեամբ։ Պատկանելիութեան ոգիէն անդին զուտ տնտեսական մօտեցում, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը եւ արդիւնքը ունեցաւ երկուստէք։
Ակնյայտ է, թէ աշխարհի վրայ հրեաներ թէ´ առանձին եւ թէ´ հաւաքական ձեւով յաջողութիւններ կ’արձանագրեն։ Մինչ հայերը՝ միայն առանձին։ Որովհետեւ երկու հայեր մէկ տեղ չեն բաւեր։
Մէկ հայը բժշկական, երաժշտական, արուեստի եւ այլ մարզերու մէջ յաջողութիւններ կ’արձանագրէ եւ աշխարհի չորս ծագերուն աչքառու կը դառնայ։ Իսկ երբ երկու հայեր քով-քովի գան, մէկը միւսին աչքը կը հանէ։
Մէկ հայը յաջողութիւններ կ’արձանագրէ եւ պետական ու այլ մակարդակներու վրայ գնահատանքի կ’արժանանայ։ Իսկ երբ երկու հայեր քով-քովի գան, մէկը միւսին յաջողութեան արգելք կը դառնայ։
Մէկ հայը յաջողութիւններ կ’արձանագրէ եւ միջազգային ամպիոններու վրայ պատիւներու կ’արժանանայ։ Իսկ երբ երկու հայեր քով-քովի գան, մէկը միւսին ամպիոնէն վար կը հրէ։
Արդեօք Աստուած հայերո՞ւն ալ բան մը պէտք էր խոստանար, որպէսզի հրեաներէն օրինակ առնէին։