Երեւանի «Սուրմալու» կեդրոնի մէջ պայթումը ցարդ կը խլէ 16 զոհ. կան 8 անհետ կորսուածներ եւ 61 վիրաւորներ

Կիրակի, 14 Օգոստոսին, Երեւանի ժամանակացոյցով կէսօրուան ժամը 1:23-ին, Երեւանի Արշակունեաց 15 հասցէին մէջ գտնուող «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ մեծ պայթում մը պատահեցաւ՝ մինչեւ այժմ պատճառելով 16 զոհեր եւ 61 վիրաւորներ, իսկ 8 հոգի անհետ կորսուած են: Հրդեհին եւ պայթումին պատճառով, եռայարկանի շինութիւնը մասնակիօրէն քանդուեցաւ:
Շուտով դէպքի վայրը ուղղուեցան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներ, որոնք նոյն օրը եւ 15 Օգոստոսին աշխատանքները շարունակեցին, մանաւանդ՝ որոնումները, որովհետեւ սկիզբը կը կարծուէր, որ 22 անձեր կը նկատուին անյայտ կորսուած, որոնց մէջ կան Իրանի 6 քաղաքացիներ եւ ռուս մը, սակայն, աւելի ուշ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան բանբեր Հայկ Կոստանեան ընկերային ցանցի մը վրայ յայտնեց, թէ Իրանի դեսպանութենէն տեղեկացուցին, որ անյայտ կորսուած 6 իրանցիներէն 5-ը կը գտնուին Վրաստան։
16 Օգոստոսին հաղորդուեցաւ, որ վիրաւորներէն 48-ը համապատասխան բուժումներ ստացած եւ տուն վերադարձած են, իսկ մնացեալը տարբեր հիւանդանոցներու մէջ բուժման կ՚ենթարկուին:
15 Օգոստոսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքը, ուր անոր ներկայացուեցաւ որոնողափրկարարական եւ հրդեհի մարման աշխատանքներուն ընթացքը:
Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժինէն հաղորդեցին, որ, ըստ ստացուած տուեալներու, պայթումին պատճառով վնասուած են նաեւ առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ գտնուող տաղաւարներ, ինչպէս նաեւ՝ յարակից շինութիւններ եւ հոն կանգնած ինքնաշարժներ:
«Այս պահին դէպքի վայրում շարունակում է աշխատել քննչական խումբը. հարցաքննուել են երկու տասնեակից աւելի քաղաքացիներ, նշանակուել են համապատասխան փորձաքննութիւններ: Պարզւում են առեւտրի կենտրոնի տարածքում գործունէութիւն իրականացնող տնտեսվարողների, աշխատակիցների ինքնութիւնները, յանձնարարութիւններ են տրուել հետաքննութեան մարմիններին», կը նշուի Հայաստանի քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարի առաջին տեղակալ Արտիւշ Գրիգորեան 15 Օգոստոսի երեկոյեան յայտարարեց, որ Երեւանի «Սուրմալու» կեդրոնի տարածքին մէջ հրդեհը մարելու աշխատանքները բոլորովին դադրեցուած են։ «Հրդեհաշիջման աշխատանքներն ամբողջովին դադարեցուել են, բացառապէս կենտրոնացած ենք որոնողափրկարարական աշխատանքների վրայ: Հրդեհի նոր օջախներ երբեմն կարող են բռնկուել, սակայն անմիջապէս կրակի տարածումը կանխւում է», յայտնեց ան:
Գրիգորեան տեղեկացուց, որ կը քննարկուի պայթումին պատճառով կիսաքանդ մնացած շէնքի սիւներու վնասազերծման աշխատանքներ իրականացնելու հարցը՝ դիտել տալով, որ կայ կառոյցի ամբողջական փլուզման վտանգ:

ՍՈՒԳԻ ՕՐ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻ
Հայաստանի կառավարութիւնը սուգի օր պիտի յայտարարէ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումին առնչութեամբ։ Սուգի օրուան ամսաթիւը պիտի յստականայ փրկարարական աշխատանքներուն աւարտէն յետոյ։

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ
Մեծ թիւով երկիրներու շարքին, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցած է Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին համար: Ցաւակցական ուղերձը հրապարակուած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ։ «Մտահոգուած ենք Երեւանի մէջ աւերիչ պայթումով, որ առնուազն մէկ մարդու մահուան պատճառ դարձած է (Խմբ. — գրառումը հրապարակուած է 14 Օգոստոսին, երբ յայտնի էր միայն մէկ զոհի մասին) մահուան պատճառ դարձած է: Խորապէս կը ցաւակցինք ընտանիքին, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան, տուժածներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում, իսկ փրկարար ծառայողներուն յաջող աշխատանք», ըսուած է գրառումին մէջ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ
Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ ցաւակցական գրառումը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին վերաբերեալ.
«Խոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին: Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Թող Աստուած զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն:
Աստուած ամուր ու հաստատ պահէ մեր հայրենիքը եւ հեռու` ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ»:
Նոյնպէս, երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանական ժողովը, Վեհափառի գլխաւորութեամբ, իր ցաւակցութիւնները յայտնեց հայրենի ժողովուրդին եւ աղօթք բարձրացուց զոհուած հայրենակիցներուն համար։

ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԸ
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 99 տոկոսով համոզուած է, որ «Սուրմալու» կեդրոնին մէջ պատահած պայթումը ահաբեկչական արարք չէ: Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան ըսաւ, թէ պայթումի պահը ուսումնասիրելով՝ ակնյայտ կը դառնայ, որ ահաբեկչական արարքի տուեալներ չկան, որովհետեւ նախ սկսած է հրդեհ, ծուխ բարձրացած է, այնուհետեւ պատահած է պայթումը: «Այսինքն ինչ-որ չափաբաժին կրակ է եղել, այնուհետեւ տարածուել է պայթուցիկ նիւթերի վրայ: Սա, ըստ արտակարգ իրավիճակների նախարարութեան, 99 տոկոսանոց ճշմարտութիւն է», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, 15 Օգոստոսի երեկոյեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը տեղեկութիւն ստացաւ, որ մեթրոյի բոլոր կայարաններուն, զինուորական եւ քաղաքացիական բոլոր կարեւորագոյն կառոյցներուն, առեւտուրի բոլոր կեդրոններուն, կենդանաբանական այգիին, Ազգային ժողովին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պայթուցիկ սարքեր տեղադրուած են: Իսկոյն քաղաքացիները հանուած են նշեալ վայրերէն:
Աւելի ուշ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հաստատեց, որ ոչինչ գտնուած է, եւ մեթրոյի աշխատանքները վերսկսած են:
Այսուհանդերձ, 16 Օգոստոսին, ժամը 10:05-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Երեւանի մեթորյիկ կայարաններուն մէջ պայթուցիկ սարքեր տեղադրուած են։ Ըստ մեթրոյի սպասարկուլեան տարածած հաղորդագրութեան դէպքի վայր մեկնած են արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարարական ուժերը եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան վարչութեան պաշտպանութեան ուժերու ջոկատը:
Կէսօրուան ժամերուն մեթրոյի ուղեւորափոխադրումները ժամանակաւորապէս դադրած էին: