Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան (1915-1966)

Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան (1915-1966). ­Հայ­րե­նի կո­րու­սեալ հո­ղին եւ մար­դոց, ար­ժէք­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն տա­ղան­դա­շատ բա­նաս­տեղ­ծը Ն.

0
1431

13 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, 51 տա­րի ա­ռաջ, ար­դէն թե­ւա­կո­խած գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր եր­թի հա­սու­նաց­ման փու­լը, 51 տա­րե­կա­նին մեր աշ­խար­հէն ա­պա­ժամ հե­ռա­ցաւ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան ե­զա­կի դէմ­քե­րէն Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան։
­Հայ­րե­նի կո­րու­սեալ հո­ղին ու ա­նով շա­ղա­խո­ւած հայ մար­դոց, ա­նոնց շնչա­ւո­րած ազ­գա­յին ու տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն ինք­նա­տիպ եր­գիչն է ­Մու­սա ­Լե­րան Խ­տըր-­Պէկ գիւ­ղի ծնունդ Ե­դուարդ ­Պո­յա­ճեան։
«­Հո­ղը ա­մէ՜ն բան» է ա­նոր հա­մար. թէ՛ շօ­շա­փե­լի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու եւ հմայք­նե­րու ան­պա­րա­գիծ աշ­խարհ մըն է, թէ՛ կոր­սո­ւած ճշմար­տու­թեան եւ խո­ցո­ւած էու­թեան ո­րո­նու­մով աշ­խար­հին ու ժա­մա­նակ­նե­րուն բա­ցո­ւած մար­դոց թանձ­րա­ցեալ տա­րերքն է, թէ՛ ա­նանց ար­ժէք­նե­րու կեն­սա­տու աղ­բիւրն է եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, հա­մա­պար­փակ խոր­հուրդ է, ան­ծայ­րա­ծիր հո­րի­զոն­նե­րու եւ խո­րա­գոյն թա­փան­ցում­նե­րու ընդգր­կո՜ւն, տա­րո­ղու­նա՛կ խոր­հուրդ։
Իր ողջ էու­թեամբ բա­նաս­տեղծ է ­Պո­յա­ճեան ոչ միայն իր խո­հուն քեր­թո­ւած­նե­րով, այ­լեւ՝ կեան­քը իր բար­դու­թեամբ վեր­ծա­նող ար­ձակ է­ջե­րով, հո­ղի մար­դոց նե­րաշ­խար­հը պե­ղող ու վեր­ծա­նող պատ­մո­ւածք­նե­րով, հայ մտքի, մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­մեծ­նե­րը դի­մա­քան­դա­կող իր ի­մա­ցա­պաշտ վկա­յու­թիւն­նե­րով։
Ինչ­պէս որ ինք կը վկա­յէ իր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան ե­րեք ամ­սու նո­րա­ծին մըն էր, երբ ­Մու­սա ­Լե­րան բուռ մը հա­յու­թիւ­նը բո­լո­րով, մե­ծով-պզտի­կով, բարձ­րա­ցաւ իր լեռ­նե­րը՝ դի­մադ­րե­լու հա­մար ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թեան ե­ղեռ­նա­գործ սադ­րան­քին։
­Ման­կու­թեան չորս տա­րի­նե­րը ան­ցուց ­Փոր ­Սա­յիտ, Ե­գիպ­տոս, վրան­նե­րու տակ, ուր ֆրան­սա­կան փրկա­րար ռազ­մա­նա­ւե­րը փո­խադ­րած էին ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դը։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին ի­րենց ծննդա­վայ­րը վե­րա­դար­ձած մու­սա-լեռ­ցի­նե­րուն հետ, ­Պո­յա­ճեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը եւս վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Խ­տըր-­Պէկ, ուր Ե­դո­ւարդ ստա­ցաւ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը՝ ծննդա­վայր գիւ­ղի եւ հա­րե­ւան Օ­ղուն-Օ­լու­քի «եր­կու հա­մեստ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ»։
14 տա­րե­կա­նին, ու­սում­նա­տենչ եւ գրե­լու շնորհ­քով օժ­տո­ւած պա­տա­նի, ­Պո­յա­ճեան ղրկո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի նո­րա­բաց ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նը, բարձ­րա­գոյն իր ու­սու­մը ստա­նա­լու հա­մար։ ­Շան­թի, Աղ­բա­լեա­նի եւ ­Ճե­մա­րա­նի հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի շուն­չին տակ կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ ծաղ­կե­ցաւ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նկա­րա­գի­րը ե­րի­տա­սարդ հայ գրո­ղին։
1930էն 1935, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան մնաց ­Ճե­մա­րան, ուր տա­կա­ւին ու­սա­նող՝ սկսաւ աշ­խա­տակ­ցիլ ժա­մա­նա­կի հայ մա­մու­լին, ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ին, ­Փա­րի­զի «­Յա­ռաջ»ին եւ ­Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ»ին։ 1932ին լոյս տե­սաւ իր ա­ռա­ջին աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը։
1935ին, ա­ւար­տե­լով ­Ճե­մա­րա­նը, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան նե­տո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ՝ մին­չեւ մահ նո­ւի­րո­ւե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րու­թեան սրբա­զան գոր­ծին։ Ու­սուց­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ գոր­ծեց ­Սու­րիոյ ­Թէլ Ա­պեատ գիւ­ղին, ծննդա­վայր Խ­տըր-­Պէ­կի, Այն­ճա­րի, ­Հա­լէ­պի, ­Քե­սա­պի եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ։ ­Հաս­ցուց սե­րունդ­ներ, ո­րոնք կա­պո­ւե­ցան հայ գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թին՝ պաշ­տա­մուն­քի աս­տի­ճան փա­րե­լով ազ­գա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն։
Ու­նե­ցաւ ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք տի­պար ու­սու­ցի­չի եւ տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղի իր կեր­պարն ու ա­ւան­դը կեան­քի ու­ղե­ցոյց դար­ձու­ցին։
Ու­սուց­չա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան զու­գա­հեռ՝ Ե­դուարդ ­Պո­յա­ճեան թափ տո­ւաւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին։
Մ­նա­յուն աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ Կ. ­Սա­սու­նիի եւ Մ. Իշ­խա­նի խմբագ­րած «Ազ­դակ ­Շա­բա­թօ­րեակ»ին, Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեա­նի «­Նա­յի­րի»ին, ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Հասկ»ին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ա­կօս»ին եւ ­Մա­նուկ Աս­լա­նեա­նի «Ազ­դա­րար»ին։ ­Մաս կազ­մեց «­Բա­գին» ամ­սագ­րի հիմ­նա­դիր ե­ռան­դամ խմբագ­րու­թեան՝ ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի եւ ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի հետ։ ­Գոր­ծա­ծած գրչա­նուն­նե­րը ե­ղան Ալ­պաթ­րոս, ­Վազ­գէն ­Տի­րա­նեան, Ե. ­Սա­րենց եւ Ե. ­Ծո­վի­կեան:
1944ին լոյս ըն­ցա­յեց իր ա­ռա­ջին հա­տո­րը՝ «­Սէր եւ ­Վիշտ»ը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին «­Հո­ղը» (1948), «­Պայ­քա­րող­ներ, պայ­քա­րող­ներ դուք գա­զա­զած» (1958), «­Թուղթ ­Զա­ւակ­նե­րուս» (1961), «­Տո­մար ­Տա­րագ­րի» (1963) եւ «Եր­կու ­Նա­մակ» (1964) գոր­ծե­րը։ Իսկ յետ մա­հու, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեա­նի գոր­ծե­րէն լոյս տե­սան «­Դէմ­քեր» (1967), «Եր­կեր — Ա. հա­տոր» (1968), «Ծննդա­վայր ­Կո­րու­սեալ» (1984), «Ընտ­րա­նի» (Ե­րե­ւան, 1994), «­Կեան­քի Ա­փե­րէն» (1995) եւ «­Դուն» (Ե­րե­ւան 2005) եւ «­Միտք ­Պա­հէ»։
«­Կո­րու­սեալ Ծնն­դա­վայ­րին»՝ հայ­րե­նի բռնագ­րա­ւեալ հո­ղին եւ ա­նով միս ու ոս­կոր կա­պած հայ մար­դոց եւ ազ­գա­յին ա­ւանդ­նե­րուն ինք­նու­րոյն բա­նաս­տեղ­ծը ե­ղաւ Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան։
Ա­ւան­դա­պա­հու­թիւնն ու նո­րա­րա­րու­թիւ­նը, զգա­ցա­կա­նու­թիւնն ու խո­հա­կա­նու­թիւ­նը, ան­ցե­լա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ վե­րա­թար­մա­ցու­մը, հայ­րե­նա­բաղ­ձու­թիւնն ու մարդ­կայ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը ե­զա­կի հա­մադ­րու­մի ար­ժա­նա­ցան իր գրա­կա­նու­թեան մէջ։
Ըն­կա­լեալ ի­մաս­տով գիւ­ղա­գիր մը չե­ղաւ, այլ հո­ղի մար­դի­կը ապ­րե­ցուց եւ շնչա­ւո­րեց Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տին յա­ջոր­դած մարդ­կա­յին մեծ հո­գե­րով ու խնդիր­նե­րով։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին կեն­սու­նա­կու­թեան պատ­գա­մա­բե­րը դար­ձաւ, ա­ռանց որ անձ­նա­տուր ըլ­լայ ան­ցեա­լի մեծ ժա­ռան­գու­թիւ­նը պար­զա­պէս ըմ­բոշխ­նե­լու եւ սպա­ռե­լու փոր­ձու­թեան։
Ան­ցեա­լին նա­յե­ցաւ ու փա­րե­ցաւ՝ ներ­կա­յի խնդիր­նե­րը ու­ղիղ ճա­կա­տէն դի­մագ­րա­ւե­լու, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մա­հունչ գա­լի­քի ու­ղին հար­թե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։
­Բայց մա­նա­ւանդ ան­խոնջ պայ­քա­րող մը ե­ղաւ ընդ­դէմ կեղծ ար­ժէք­նե­րուն եւ հայ մշա­կոյ­թի, գրա­կա­նու­թեան ու ազ­գա­յին ա­ւանդ­նե­րու փա­րի­սե­ցիա­կան պաշ­տա­մուն­քին։
­Հայ լե­զուն իր ամ­բողջ հմայ­քով ու գան­ձե­րով ճա­ռա­գայ­թեց Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեա­նի գրա­կա­նու­թեան է­ջե­րէն, ուր բա­նաս­տեղ­ծա­կան շունչն ու պատ­կե­րա­ւոր խո­հա­կա­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս կը գրա­ւեն ու ի­րենց հմայ­քով կը պա­րու­րեն ըն­թեր­ցո­ղի միտքն ու հո­գին։
Ա­պա­ժամ իր մա­հով մեծ կո­րուստ ու­նե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը։
­Տա­ղան­դա­ւոր հայ գրո­ղին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շուն­չով վե­րա­թար­մա­նա­լու թող ծա­ռա­յեն Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեա­նի ժա­ռան­գու­թե­նէն քա­ղո­ւած նշխար­նե­րը.ԱՐԻՒՆ ՈՒ ԽԵԼՔ
(­Մեծ Ե­ղեռ­նի 40ա­մեա­կին ա­ռի­թով)
Ապ­րիլ 24ի Ե­ղեռ­նը բա­խե­ցաւ մեր ազ­գա­յին հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու հզօր դի­մադ­րա­կա­նու­թեան: Ընդ­հան­րա­կան ո­ճիր­նե­րու եւ կո­տո­րա­ծի մո­լու­թիւն ու­նե­ցող մեր թշնա­մին հա­լա­ծեց մեզ, եւ սու­րիա­կան ա­նա­պատ­նե­րու սգա­պատ տա­րածք­նե­րուն վրայ ա­նոր բո­վան­դակ քսու­թիւ­նը դպաւ հայ­կա­կան կամ­քի հա­զա­րա­մեայ պրոն­զին:
Ընկր­կե­ցաւ:­Նա­հան­ջեց:
­Պար­տո­ւե­ցաւ:
Ապ­րե­ցանք մենք… նաեւ՝ Ապ­րիլ 24էն ետք:
Եւ ա՛յս էր ա­հա, որ շշմե­ցու­ցիչ ե­ղաւ թշնա­միին հա­մար:
­Տէր ­Զօ­րի մեր մռայլ պատ­մու­թիւ­նը իր թանձ­րա­գոյն ի­րա­կա­նու­թեամ­բը կը մնայ ան­հա­ւա­տա­լի հե­քիաթ մը միայն` սա ա­պա­բա­րոյ ու վատ դա­րաշր­ջա­նի մարդ­կու­թեան հա­մար:
Ո­րով­հե­տեւ ո­րե­ւէ ի­րա­կա­նու­թիւն պի­տի չկրնար այս աս­տի­ճան անբ­նա­կան կեր­պա­րանք­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նո­ւիլ պատ­մա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու հո­սան­քին:
­Թող հրէ­շա­յին ա­խոր­ժակ­նե­րով ժա­մա­նա­կա­կից մարդ­կու­թիւ­նը Ապ­րիլ 24ը նկա­տէ հայ­կա­կան սար­սափ­նե­րու ան­հա­ւա­տա­լի հե­քիաթ մը:
­Հոգ չէ:
Այդ ար­տա­սո­ւա­լի ու մութ հե­քիա­թը մենք վե­րա­ծած ենք աս­կէ ետք հա­մազ­գա­յին զայ­րոյ­թի ան­ծայ­րա­ծիր զի­նա­րա­նի մը, ուր­կէ Ան­կա­խու­թեան ա­րե­գակ­ներ պի­տի պոռթ­կան` ծած­կե­լու հա­մար լոյ­սով ու ջեր­մու­թեամբ, ա­րիւ­նա­թա­թաւ ու ցուրտ ճա­նա­պարհ­նե­րը մեր պատ­մու­թեան, ինչ­պէս բերկ­րան­քի ա­նուշ ա­ռա­ւօտ մը պա­տա­հե­ցաւ ա­տի­կա:
­Կա՛նք:
­Պի­տի մնա՛նք:
Վճ­ռած ենք ա­տի­կա:
­Մեր վեր­ջին խօսքն է, որ ա­հա ա­ռաջ կ­՛ը­սենք:
Ապ­րե­լու մեր հա­ւա­տամ­քին իբ­րեւ խա­րիսխ` ունինք մեր պատ­մու­թիւ­նը, սկիզ­բէն մին­չեւ այ­սօր:
­Սեւ փո­թո­րի­կը չկրցաւ բնա­ջինջ ը­նել մեզ:
­Քա­նի մը տա­րի ետք, հե­ղե­ղա­յին շքե­ղու­թեամբ ­Մա­յի­սին, աշ­խարհ տե­սաւ, թէ կոր­սո­ւած հա­յը ստեղ­ծած է իր Ան­կա­խու­թիւ­նը: ­Կը քա­լէ բարձ­րագ­լուխ ու պայ­ծառ դրօ­շով, յաղ­թա­կան Ե­ռա­գոյ­նով:
Արդ`
Ե­ղե­րա­կան մի­լիո­նի մը սեւ թո­ւա­կա­նը` անդ­րա­դար­ձած հա­յու­թեան վրայ նախ որ­պէս յա­ւի­տե­նա­կան սուգ եւ բար­կու­թիւն, ե­ղած է տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ու կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ որ­պէս ա­զատ ազգ ապ­րե­լու կա­տա­ղի կամք մը, մեր ա­մէ­նէն յստակ գի­տակ­ցու­թիւն­նե­րէն մէ­կը:
Ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւն է այ­սօր, թէ ո­ճի­րի եւ քսու­թեան ան­մո­ռա­նա­լի թո­ւա­կա­նէն ետք, ազ­գա­յին ա­զատ կեան­քի գի­տակ­ցու­թիւ­նը մե­ծա­պէս ընդ­հան­րա­ցած, ար­մա­տա­ցած է հա­յուն հա­ւա­քա­կան էու­թեան մէջ:
Ապ­րիլ 24ը հա­յու­թեան ա­մէ­նէն տխուր թո­ւա­կա­նը ե­ղաւ:
­Քա­ռա­սուն տա­րի ը­սինք ա­սի­կա ի­րա­րու, ը­սինք աշ­խար­հին:
­Քա­նի մը տաս­նա­մեակ լա­ցինք միայն, քա­նի մը տաս­նա­մեակ զայ­րա­ցանք միայն:
­Բայց քիչ մտա­ծե­ցինք` ա­ռողջ դա­սեր առ­նե­լու հա­մար ան­կէ:
Ե­թէ նախ քան այդ թո­ւա­կա­նը մենք ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նա­յինք մեր թշնա­մին, ե­թէ գիտ­նա­յինք, որ իր շա­հուն հա­մար ան ըն­դու­նակ է լա­ւա­գոյն ճամ­բայ նկա­տե­լու հա­յուն ամ­բող­ջա­կան բնաջն­ջու­մը, հա­ւա­նա­բար խնա­յո­ւէր մե­զի ապ­րի­լեան այս­քան զար­հու­րանք, այս­քան ան­բաղ­դա­տե­լի կո­րուստ:
Ե­թէ կրցանք վե­րապ­րիլ, բազ­մա­նալ ու զօ­րա­նալ նո­րէն, ա­տի­կա կը պար­տինք ոչ այն­քան մեր քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան, քան` հա­յու այն մա­քուր ա­րիւ­նին դի­մադ­րա­կան ու­ժին, եւ ա­ռա­քի­նու­թին­նե­րուն:
­Բայց ե­թէ կ­՛ու­զենք իս­կա­պէս ան­պար­տե­լի դառ­նալ, իս­կա­պէս օգ­տա­կար դաս մը հա­նել Ապ­րիլ 24էն, հարկ է հա­յուն մա­քուր ա­րիւ­նին վրայ գու­մա­րել քա­ղա­քա­կան շատ ա­ւե­լի բարձր հա­սու­նու­թիւն մը, քան ու­նինք այ­սօր: ­Լա­լը սոր­վե­ցանք ու կի­րար­կե­ցինք մեր փրկու­թեան հա­մար:

­Տե­սանք, որ օ­գուտ չ­՛ը­ներ:
Վ­րէժ բա­ռին ի­մաստն ալ լա­ւա­պէս ու­սում­նա­սի­րե­ցինք:
Ան ալ ա­մէն բան չէ:
­Պէտք է հա­մո­զո­ւինք այ­լեւս, որ հա­յուն հին ու մաք­րա­մա­քուր ա­րիւ­նը ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի պէտք ու­նի խել­քի: ­Վասն­զի կեան­քին բո­լոր զէն­քե­րը մա­քուր ա­րիւ­նի մը հետ գոր­ծող զօ­րա­ւոր խել­քի մը մէջ են ի վեր­ջոյ: Ե­թէ կ­՛ու­զենք հաս­նիլ մեր ազ­գա­յին ի­տէալ­նե­րուն, պէտք է տե­ւա­բար գոր­ծա­կից ըլ­լան ի­րա­րու եր­կու բան.- Ա­րիւն ու ­Խելք…

ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏ` ԲԱՂՁԱՆՔԻ ՄԸ ՎԱՂԱՆՑՈՒԿ»

Քովդ ըլ­լալ, նա­յիլ քեզ,
­Քովդ ըլ­լալ, լսե՛լ քեզ,
­Քովդ ըլ­լալ եւ խօ­սիլ
­Քովդ ըլ­լալ ու լռել…:
­Գալ լոյ­սէն ա­ռաջ, գալ մու­թէ՛ն ա­ռաջ,
Աստ­ղե­րէն կա­նուխ,
­Հո­վը դեռ չե­կած`
Մտ­նել հո­գիիդ կի­սա­բաց դռնէն…
­Բո­լորն երբ մեկ­նին.
Երբ որ քու­նը գայ ու դար­ձեա՛լ մեկ­նի,
­Դեռ քեզ հե՛տ մնալ, սիրտ-սրտի՛ մնալ:
­Քո՛ւ եր­ջան­կու­թեան ի­տէա­լը մնալ:
­Քու ա­նու­նէդ ա­ւե­լի քեզ մօ՛տ ըլ­լալ,
Սր­տէդ ա­ւե­լի քե­զի պէտք ըլ­լալ,
­Քու վրադ ցա­նո­ւող ափ մը հող ըլ­լալ,
Եւ ար­ցունք ըլ­լալ, լռու­թիւն ըլ­լալ,
­Քե­զի Աստ­ծոյ տա­նող գի՜րկն ըլ­լալ: