Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քը այն­քան շի­կա­ցած է վար­չա­խումբ-ե­կե­ղե­ցի եւ վար­չա­խումբ-ընդ­դի­մու­թիւն՝ ձիւ­նա­կոյ­տի նման հետզ­հե­տէ ծա­ւա­լող խնդիր­նե­րուն պատ­ճա­ռով, որ Հա­յաս­տա­նի մա­մու­լի լու­սար­ձակ­նե­րէն գրե­թէ անն­կատ ան­ցաւ կա­րե­ւոր ե­ղե­լու­թիւն մը։
Ակ­նար­կը Սեւ­ծո­վեան Տն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 65-րդ լիա­գու­մար նիս­տին մա­սին է, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 17-19 Յու­նի­սին, Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղաք Պա­քո­ւի մէջ։
Ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով, յա­տուկ պատ­ճառ պի­տի չըլ­լար անդ­րա­դառ­նալ ըն­թա­ցիկ խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը մա­սին, որ հեր­թա­բար կը հիւ­րըն­կա­լո­ւի մաս­նակ­ցող եր­կիր­նե­րու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Սեւ­ծո­վեան գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մախմ­բու­մը ո­րո­շիչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցող հար­թակ մը չէ, այլ խորհր­դա­տո­ւա­կան ա­տեան մըն է, նպա­տակ ու­նե­նա­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան, տնտե­սա­կան աճ­ման եւ կեն­սո­լոր­տի խնդիր­նե­րուն մա­սին հա­սա­րա­կաց գի­ծեր որ­դեգ­րե­լու բեմ ըլ­լալ։ Այս­պէս, վեր­ջին լիա­գու­մար նիստն ալ կրնար լրա­տո­ւու­թեան երկ­րորդ գի­ծին ան­ցած ըլ­լար, ե­թէ ժո­ղո­վի լու­սանց­քին, հիւ­րըն­կա­լող եր­կի­րը՝ Ատրպէյ­ճա­նը, լա­րած չըլ­լար իր քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան։
Ան­գամ մը եւս, Պա­քո­ւի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գը ա­ռի­թը չփախ­ցուց որ­դեգ­րե­լու իր ծա­նօթ հա­կա­հայ վար­քա­գի­ծը եւ խորհր­դա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դե­լու դէ­պի բռնագ­րա­ւեալ Ար­ցախ, ծա­ւա­լե­լու հա­մար իր ծա­նօթ հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, այս ան­գամ ունկն­դիր­ներ գտնե­լով օ­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մէջ։
Յատ­կան­շա­կան են նկար­նե­րը Շու­շիի բեր­դէն, ուր օ­տար պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը նկա­րո­ւած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան ո­ճով գրո­ւած քա­ղա­քի ա­նու­նին տակ։ Այս­քանն ալ բա­ւա­րար չէ, ո­րով­հե­տեւ մի­տում­նա­ւոր եւ կան­խած­րագ­րո­ւած այ­ցե­լու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նէր Ար­ցա­խի բռնագ­րա­ւեալ հո­ղե­րուն վրայ նախ խե­ղա­թիւ­րել մեր Ար­ծո­ւա­բոյ­նի հե­րո­սա­ծին հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թիւ­նը, նո­ւաս­տաց­նել ար­ցա­խեան հե­րո­սա­պա­տու­մը, հայ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս ցե­ղաս­պան եւ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ ցեղ եւ վեր­ջա­պէս, օ­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան՝ «օ­րի­նա­կա­նաց­ման շղար­շով» քօ­ղար­կել Ատր­պէյ­ճա­նի ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­ներն ու Ար­ցա­խի հա­յա­պատ­կան հո­ղե­րու ա­պօ­րի­նի գրա­ւու­մը։
Այս զա­ւեշ­տա-ող­բեր­գա­կան բե­մադ­րու­թեան մէջ, խոր ցա­սում եւ զայ­րոյթ կը պատ­ճա­ռէ Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնց շար­քին էին նախ­կին նա­խա­րար Սո­ֆիա Վուլ­թեփ­սի եւ ե­րես­փո­խան­ներ Վա­սի­լիոս Եո­յա­քաս, Քա­լիո­փի Վե­թա եւ Եոր­ղոս Ս­թի­լիոս, ո­րոնք մաս կազ­մե­ցին դէ­պի Ար­ցախ ու­ղե­ւո­րու­թեան։
Յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին ուղ­ղո­ւե­լով, ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ իր զայ­րոյ­թը կը յայտ­նէ յոյն ե­րես­փո­խան­նե­րուն՝ Շու­շիի պատ­մա­կան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ բռնազ­բօ­սիկ միամ­տու­թեամբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան զո­հը դառ­նա­լու հա­մար։ Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը յի­շեց­նէ, թէ տո­ւեալ քա­ղա­քա­կան ան­ձե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ կ­՚ան­տե­սեն Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մը եւ 120.000 հա­յե­րու բռնի հե­ռա­ցու­մը ի­րենց պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն։ Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը դա­տա­պար­տեն նման կե­ցո­ւածք­ներ, ո­րոնք դի­ւա­նա­գի­տա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան շա­հե­րու լոյ­սին տակ, յայտ­նա­պէս ոտ­նա­կոխ կ­՚ը­նեն ար­դա­րու­թեան, ա­զա­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տար­րա­կան սկզբունք­նե­րը։
Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ար­ձա­գանգ գտաւ յու­նա­կան լրա­տո­ւա­կան եւ հա­մա­ցան­ցա­յին մի­ջոց­նե­րուն մէջ, ո­րուն հա­մար յոյն լրագ­րող­ներ ու փոր­ձա­գէտ­ներ փու­թա­ցին դա­տա­պար­տել այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ մատ­նան­շել հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ող­բեր­գու­թիւ­նը Պա­քո­ւի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­խում­բին կող­մէ։ Ա­նոնք չվա­րա­նե­ցան քա­ղա­քա­կան անմ­տու­թիւն ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան պա­կաս տես­նել յոյն ե­րես­փո­խան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան մէջ, նաեւ աչք փա­կե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան կո­թող­նե­րու ոչն­չաց­ման դի­մաց։
Դժ­բախ­տա­բար, նմա­նօ­րի­նակ կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րեց նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դաշ­նա­կից եր­կի­րին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նը, որ Շու­շի, Լա­չին եւ Աղ­տամ այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, իր ու­նե­ցած ե­լոյ­թով հար­ցա­կա­նի տակ ա­ռաւ Ար­ցա­խի բազ­մա­դա­րեան հայ­կա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը եւ քօ­ղար­կեց ատր­պէյ­ճա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։
Իս­կա­պէս, մեր զար­ման­քէն ան­դին, հարց կու տանք յոյն ե­րես­փո­խան­նե­րու ան­միտ եւ քա­ղա­քա­կան ողջմ­տու­թե­նէ զուրկ կե­ցո­ւած­քին հա­մար։ Մ­տա­ծել, թէ ա­նոնք եւ ի­րենց քա­ղա­քա­կան ու կա­ռա­վա­րա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի հա­կազ­դէին, ե­թէ նման այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տա­րո­ւած ըլ­լար բռնագ­րա­ւեալ Կիպ­րո­սի Ֆա­մա­կուս­թա կամ Փա­ֆոս քա­ղաք­նե­րը։ Տա­կա­ւին, յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը հար­կա­ւոր ու­շադ­րու­թեամբ չէ մօ­տե­ցած վեր­ջերս կա­տա­րո­ւած եր­կու ա­զե­րի լրտես­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­մին, ո­րոնք Կիպ­րո­սի եւ Կ­րե­տէ կղզիին մէջ կը լու­սան­կա­րէին ռազ­մա­կան խա­րիսխ­ներ, ցոյց տա­լով, թէ ա­զե­րի վարձ­կան­ներ ո­չինչ պի­տի խնա­յեն լրտե­սու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար ի վնաս Յու­նաս­տա­նին։
Ի վե­րայ ա­մե­նայ­նի, ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար ա­ւե­լի խոր մտա­հո­գու­թիւն պէտք է ստեղ­ծէ Ատր­պէյ­ճա­նի յայ­տա­րա­րած կե­ցո­ւած­քը, թէ «մէկ ազգ, եր­կու պե­տու­թիւն» նո­րօս­մա­նա­կան զի­նակ­ցու­թեան մէջ, Ատր­պէյ­ճան ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով պի­տի կանգ­նի իր մեծ եղ­բօր կող­քին, ­Յու­նաս­տան-­Թուր­քիա եւ ­Կիպ­րոս-­Թուր­քիա տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կնճիռ­նե­րուն առն­չու­թեամբ։
Վեր­ջա­պէս, խօս­քը կը վե­րա­բե­րի նաեւ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան։ Ե­րե­ւան պար­տի ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն հա­կազ­դել ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­պա­կողմ­նո­րո­շիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ յոր­դո­րել դաշ­նա­կից եր­կիր­նե­րուն ըլ­լալ ա­ւե­լի զգօն ու ա­չա­լուրջ Պա­քո­ւի քա­րոզ­չա­մե­քե­նա­յի դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րուն դի­մաց։ Կը սպա­սենք, որ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ան­տես պի­տի չառ­նէ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ պատ­շաճ հաս­ցէագ­րու­մով կար­գի պի­տի հրա­ւի­րէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան սայ­թա­քու­մի մէջ ին­կած բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան եւ պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։