Դիմում Հայ Կապոյտ Խաչի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի

0
75

­­Հա­ւա­տա­րիմ՝ ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի կրթա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան նպա­տակ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­լով, որ փայ­լուն նոր սե­րունդ մը մեծ հպար­տանք է մեր բո­լո­րին հա­մար, Հ. Կ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը այս տա­րի եւս պի­տի տրա­մադ­րէ «­­Թա­գու­հի ­­Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կը հայ ու­սա­նո­ղի մը՝ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­ման հա­մար։
­­Կը յատ­կա­ցո­ւի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի վար­ժա­րան­նե­րը յա­ճա­խած («­­Զա­ւա­րեան», «Լ. եւ ­­Սո­ֆիա ­­Յա­կո­բեան» եւ «Ա. եւ Ժ. ­­Ճէ­նա­զեան») եւ հա­մալ­սա­րան ըն­դու­նուե­լու բարձ­րա­գոյն նիշ ստա­ցած ու­սա­նո­ղին 2023-2024 տա­րեշր­ջա­նին հա­մար:
Առ այդ, այն բո­լոր ու­սա­նող­նե­րը, ո­րոնք կը փա­փա­քին ստա­նալ մրցա­նա­կը, պար­տին ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի գրա­սե­նեակ (Ա­րիս­թո­թե­լուս 8 — 17671 ­­Քա­լի­թէա, հեռ. 210 9574973, e-mail: arfgr@otenet.gr) ու­ղար­կել ի­րենց յա­ջո­ղու­թեան փաս­տա­թուղ­թը՝ նե­րառ­նե­լով ի­րենց տո­ւեալ­նե­րը (հաս­ցէ, հե­ռա­խօս, բջի­ջա­յին, Էլ. փոս­տի հաս­ցէ) մին­չեւ 20 ­­Սեպ­տեմ­բեր 2024:
Մր­ցա­նա­կը ստա­ցո­ղին ա­նու­նը պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւի մա­մու­լով։
­­Յայտ­նենք նաեւ, որ ար­դար ընտ­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հա­մար, նկա­տի պի­տի չառ­նո­ւին յա­տուկ դա­սե­րու նի­շե­րը (βαθμολογία ειδικών μαθημάτων):
­­Բո­լոր ու­սա­նող­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ի­րենց հա­մալ­սա­րա­նա­կան կեան­քէն ներս:

ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ