ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

­Յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կա­հար ­Դա­նիէլ ­Գո­լա­նեան ան­գամ մը եւս հմա­յեց յոյն եւ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, բա­ցա­ռիկ մե­նա­հա­մեր­գով մը, որ տրո­ւե­ցաւ Ուր­բաթ, 20 ­Նո­յեմ­բեր 2026-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի ե­րաժշ­տա­նո­ցի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ։
Ե­րաժշ­տա­սէր հոծ բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան, հա­յազ­գի ա­րո­ւես­տա­գէ­տը ծա­ւա­լեց իր բազ­մա­տա­ղանդ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ստեղ­նա­շա­րին վրայ, մեկ­նա­բա­նե­լով դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան յատ­կան­շա­կան յօ­րի­նում­ներ, ո­րոնց կա­տա­րում­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն ցոյց տուաւ, թէ ան ամ­բող­ջա­պէս կը տի­րա­պե­տէ դաշ­նա­մու­րա­յին բծախն­դիր ու պա­հանջ­քոտ ա­րո­ւես­տին։
«Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը լսենք» հա­մա­պար­փակ ծրա­գի­րը, ո­րուն շար­քէն ներս մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ հայ ե­րա­ժիշ­տը, ստեղ­ծո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հի, ձայ­նաս­փիւ­ռի Գ. ­Յայ­տա­գի­րի եւ ­Քա­լո­ղե­րո­փու­լիօ հաս­տա­տու­թեան կող­մէ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով բա­ցա­յայ­տել ե­րի­տա­սարդ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու տա­ղան­դը։
Այս­պէս, տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կա­հար ­Դա­նիէլ ­Գո­լա­նեան ներ­կա­յա­ցաւ հան­րու­թեան առ­ջեւ բարդ յայ­տա­գի­րով մը, մեկ­նա­բա­նե­լով ­Պա­խի-­Պու­սո­նիի «­Շա­սոն» յօ­րի­նու­մը, ­Պեթ­հո­վէ­նի թիւ 23 սո­նա­թան, Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի «­Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն դաշ­նա­մու­րի հա­մար» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ ­Լիզ­թի թիւ 178 սո­նա­թան։
Ինք­նավս­տահ ու հա­մար­ձակ կա­տա­րո­ղու­թեամբ, մատ­նե­րու նրբա­հիւս ե­լե­ւէջ­նե­րով ու իր տա­ղան­դին հա­մե­մատ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, ան հա­րա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տեց իւ­րա­քան­չիւր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ներ­քին կա­ռու­ցո­ւած­քը, ե­րաժշ­տա­կան խո­րու­թիւնն ու ար­տա­յայտ­չա­կան ա­րո­ւես­տը, ցոյց տա­լով իր հա­սուն ըմբռ­նում­նե­րու լիա­կա­տար կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։
­Դա­նիէլ ­Գո­լա­նեան կը պատ­կա­նի այն շնոր­հա­լի ե­րա­ժիշտ­նե­րու շար­քին, ո­րուն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հա­սու­նու­թիւ­նը կը գե­րա­զան­ցէ իր տա­րի­քի բնա­կան սահ­ման­նե­րը։ ­Դեռ պա­տա­նի տա­րի­քէն, ան յա­ջո­ղած է իր ա­նու­նը ար­ձա­նագ­րել մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան բե­մե­րուն վրայ՝ շնոր­հիւ բա­ցա­ռիկ կա­տա­րո­ղա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին եւ ե­րաժշ­տա­կան խոր զգա­ցո­ղու­թեան։ Ա­նոր մեկ­նա­բա­նու­թեան մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւեն ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թիւ­նը, ձայ­նա­յին ե­րանգ­նե­րու նրբու­թիւ­նը, կշռոյ­թի ճշգրտու­թիւ­նը եւ ե­րաժշ­տա­կան կա­ռոյ­ցի խոր ըն­կա­լու­մը։ Այս յատ­կա­նիշ­նե­րը վկա­յու­թիւն կը դառ­նան յու­նա­հայ ե­րա­ժիշ­տին հա­մար, որ կը ձգտի ոչ միայն նո­ւա­գել, այ­լեւ ունկն­դի­րին փո­խան­ցել ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ո­գե­ւոր եւ զգա­ցա­կան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։
­Հա­մեր­գի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Պա­խի ե­րաժշ­տու­թեան կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին խո­րու­թիւ­նը, ­Պեթ­հո­վէ­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ներ­քին ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը, ­Խա­չա­տու­րեա­նի հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան շուն­չը եւ ­Լիզ­թի վի­պա­պաշտ ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թիւ­նը կազ­մե­ցին ամ­բող­ջա­կան այն մթնո­լոր­տը, ուր նո­ւա­գի զուտ ար­հես­տա­վարժ կա­տա­րե­լու­թե­նէն ան­դին անց­նե­լով, դար­ձաւ իւ­րա­քան­չիւր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ներ­քին աշ­խար­հը բա­ցա­յայ­տե­լու կա­րո­ղու­թիւն։
­Հա­մեր­գի ա­ւար­տին, ներ­կայ բազ­մու­թեան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ար­տա­յա­տո­ւե­ցաւ լիա­բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց ջեր­մօ­րէն ըն­դա­ռա­ջե­լով տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կա­հա­րը, չորս ան­գամ վե­րա­դար­ձաւ բե­մին վրայ, ըն­դու­նե­լու հա­մար ներ­կա­նե­րու ան­վե­րա­պահ գնա­հա­տան­քը։
­Դա­նիէլ ­Գո­լա­նեան ներ­կա­յիս կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ իր ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մը ­Գեր­մա­նիոյ ­Քէոլն քա­ղա­քի հա­մալսա­րա­նէն ներս, միա­ժա­մա­նակ իր վաղ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քէն նո­ւա­ճած է մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ ա­ռաջ­նու­թիւն­ներ ու պար­գեւ­ներ։ ­Ձեռք բե­րո­ւած մրցա­նակ­նե­րուն կող­քին, մի­ջազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ բարձր ա­րո­ւես­տի ձե­ւա­ւոր­ման ըն­թաց­քին գտնո­ւող յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշ­տին ձգտումն է՝ շա­րու­նա­կա­բար զար­գա­նա­լու, խո­րա­նա­լու եւ իւ­րա­քան­չիւր կա­տա­րու­մով ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն մը գտնե­լու։
­Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել հա­յազ­գի ե­րի­տա­սար­դը, ո­րուն ա­ռա­ջին քայ­լե­րը բա­ցո­ւե­ցան հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բա­ւի տի­րա­ցած կի­թա­րա­հար իր հօր՝ ­Յա­կոբ ­Գո­լա­նեա­նի շուն­չին տակ, մաղ­թե­լով նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­ներ եւ բե­ղուն ե­րաժշ­տա­կան ա­պա­գայ։